Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ ԵՄ Դիտորդները Ժամանած Են Սիսիանի Օդակայան՝ Դէպի Լաչինի Միջանցք Ծրագրուող Պարեկութեան Համար

ԵՄ Դիտորդները Ժամանած Են Սիսիանի Օդակայան՝ Դէպի Լաչինի Միջանցք Ծրագրուող Պարեկութեան Համար

by MassisPost

Հայաստանի մէջ ԵՄ առաքելութեան ղեկավար Մարքուս Ռիթերը եւ Հայաստանի մէջ Եւրոմիութեան դեսպան Անտրէա Վիքթորինը Սիսիանի օդակայանին մէջ ողջունած են Եւրոպական Խորհրդարանի Պաշտպանութեան հարցերով ենթայանձնաժողովի նախագահ Նաթալի Լուազօն եւ SEDE (Եւրոպական Խորհրդարանի Անվտանգութեան եւ Պաշտպանութեան ենթայանձնաժողով) պատուիրակութիւնը։

Ըստ առաքելութեան թուիթըրեան էջին, անոնք այստեղ են՝ միանալու ԵՄ քաղաքացիական առաքելութեան խումբին՝ դէպի Լաչինի միջանցք ծրագրուող պարեկութեան համար:

Նախօրէին Լուազօն հանդիպած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ։ Ընդծելով, որ Ատրպէյճանը կը շարունակէ յարձակողական հռետորաբանութիւնն ու զինադադարի խախտման գործելաոճը, ինչ որ կ’աւելցնէ լարուածութիւնը տարածաշրջանին մէջ՝ Փաշինեանը կարեւորած է միջազգային փաստահաւաք առաքելութեան մուտքը Լաչինի միջանցք եւ Լեռնային Ղարաբաղ:

Իր հերթին, Նաթալի Լուազօն ընդգծած է տարածաշրջանին մէջ խաղաղութիւն եւ կայունութիւն ապահովելու, ինչպէս նաեւ լարուածութեան վտանգները նուազեցնելու քայլերուն անհրաժեշտութիւնը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment