Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ «Ատրպէյճանը Անցած Է Պատերազմական Յանցագործութիւն Հանդիսացող Գործողութիւններու». Արցախի ԱԳՆ

«Ատրպէյճանը Անցած Է Պատերազմական Յանցագործութիւն Հանդիսացող Գործողութիւններու». Արցախի ԱԳՆ

by MassisPost

Արցախի Արտաքին Գործերու նախարարութիւնը կ’ընդգծէ, որ Լաչինի միջանցքի ամբողջական եւ կամայական արգելափակումը, մասնաւորապէս, Ռուսիոյ խաղաղապահ զօրակազմին եւ Կարմիր Խաչի Միջազգային Կոմիտէին կողմէ Արցախի պաշարուած ժողովուրդին հիմնական կարիքներու համար նախատեսուած մարդասիրական բեռներու փոխադրման միտումնաւոր խոչընդոտումը, միջազգային իրաւունքով կը դիտարկուի որպէս պատերազմական յանցագործութիւն։

«Ըստ էութեան, Ատրպէյճանը 2020 թ․ Նոյեմբերի 9-ի եռակողմ յայտարարութեան դրոյթների աղաղակող խախտումներից եւ ՄԱԿ-ի միջազգային դատարանի 2023 թ․ Փետրուարի 22-ի իրաւաբանօրէն պարտաւորեցնող վճռի լիակատար անտեսումից անցել է պատերազմական յանցագործութիւն հանդիսացող գործողութիւնների», ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ։

Արցախի Արտաքին Գործերու նախարարութիւնը կը նշէ, որ Յունիս 15-ին Հակարիի կամուրջին վրայ ատրպէյճանական դրօշին հետ կապուած սադրանքէն յետոյ Ատրպէյճանը ամբողջութեամբ արգելափակած է միջանցքը, այդ շարքին՝ զրահամեքենաներու օգտագործմամբ. միջանցքով երկու ուղղութիւններով երթեւեկութիւնը արդէն փակ է նաեւ ԿԽՄԿ-ի եւ Ռուսիոյ խաղաղապահ զօրակազմի ներկայացուցիչներուն համար։

Պաշտօնական Ստեփանակերտը կը յայտարարէ, որ լիակատար շրջափակումը եւ արտաքին աշխարհէն մեկուսացումը կը խորացնեն մարդասիրական ճգնաժամը. «Ամբողջովին արգելափակելով Լաչինի միջանցքը, որն արցախցիների կեանքի միակ ճանապարհն է, Ատրպէյճանը փաստացի նոր մակարդակի է հասցրել Արցախի ցեղային զտման եւ որպէս այդպիսին նրա ժողովրդի ոչնչացման իր նպատակաուղղուած քաղաքականութիւնը»։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment