Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Իշխանութիւնը Լաչինի Միջանցքին Տեղի Ունեցածը Շատ Մեծ Խնդիր Կը Համարէ. Արթուր Յովհաննիսեան

Իշխանութիւնը Լաչինի Միջանցքին Տեղի Ունեցածը Շատ Մեծ Խնդիր Կը Համարէ. Արթուր Յովհաննիսեան

by MassisPost

Իշխանութիւնը Լաչինի միջանցքին՝ ռուս խաղաղապահներու պատասխանատուութեան գօտիին մէջ տեղի ունեցածը շատ մեծ խնդիր կը համարէ ու անոր շուրջ կը խօսի ռուս գործընկերներուն հետ։ Յայտնած է իշխանական պատգամաւոր Արթուր Յովհաննիսեանը՝ պատասխանելով հարցումին՝ արդեօք Երեւանը պաշտօնական պարզաբանում պահանջած է Մոսկուայէն ու ի՞նչ պատասխան ստացած է։

Հակարիի կամուրջին ատրպէյճանական դրօշի տեղադրման մասին պատմող տեսանիւթերէն կ’ենթադրուի, որ գործընթացը հսկած են ռուս խաղաղապահները, մէկ պարագային՝ բառացիօրէն կենդանի պատ կազմելով։

«Գնահատում ենք որպէս հերթական սադրանք Ատրպէյճանի կողմից խաթարելու գործընթացները, բայց մենք շարժուելու ենք մեր քաղաքականութեամբ եւ ամէն բան անելու ենք զսպելու ամգլցողական բոլոր վտանգները նաեւ մեր միջազգային գործընկերների ճնշման միջոցով: Ինչ վերաբերում է պաշտօնական պարզաբանմանը մեր ռուս գործընկերներից, Արտաքին Գործերի Նախարարութիւնը մշտական կապի մէջ է եւ տեղի ունեցածը շատ մեծ ծաւալի խնդիր է, կարելի է արձանագրել, բնականաբար, խօսակցութիւն մեր ռուս գործընկերների հետ տեղի է ունենում: Թէ ի՞նչ բնաբանում եւ ի՞նչ արդիւնքներով, սրա մասին կը խօսի Արտաքին Գործերի Նախարարութիւնը», նշեց Յարութիւնեանը:

Հայաստանի մէջ Ռուսիոյի դեսպան Սերկէյ Քոփիրքինը մօտ մէկ ժամ հանդիպում ունեցած է Արտաքին Գործերու Նախարարութեան մէջ․ «Ազատութեան» թղթակիցը ճշդած է, թէ ինչպէս դեսպանը կը մտնէ Արտաքին Գործերու Նախարարութեան շէնք։ Հայաստանի արտաքին քաղաքական գերատեսչութենէն հաստատած են։

Թէ ինչ հանդիպում ունեցած է ԱԳՆ-ի մէջ, Ռուսիոյ դեսպանը չէ մանրամասնած: «Ազատութեան» հարցումին՝ արդեօ՞ք դեսպանը կանչուած է ԱԳՆ Լաչինի միջանցքին տեղի ունեցող վերջին իրադարձութիւններով պայմանաւորուած, թէ՞ նախօրօք ծրագրաւորուած այց է, Քոփիրքինը չէ պատասխանած։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment