Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Խաղաղ Գործընթացի Վերսկսման Համար Անհրաժեշտ Է Վերականգնել Միջազգայնօրէն Ճանչցուած Բանակցային Ձեւաչափը․ Արցախի ԱԳՆ

Խաղաղ Գործընթացի Վերսկսման Համար Անհրաժեշտ Է Վերականգնել Միջազգայնօրէն Ճանչցուած Բանակցային Ձեւաչափը․ Արցախի ԱԳՆ

by MassisPost

Ստեփանակերտի եւ Պաքուի միջեւ երկխօսութիւն հաստատելու փորձերուն մասին վերջերս ռուսական շարք մը լրատուամիջոցներու մէջ անանուն դիւանագիտական աղբիւրներուն յղումով տարածուած աղմկայարոյց հրապարակումներուն առնչությամբ հարկ կը համարենք նշել հետեւեալը.

Արցախի Հանրապետութիւնը ամենաշահագրգիռ կողմն է տարածաշրջանին մէջ կայուն եւ արդար խաղաղութեան հաստատման ուղղուած երկխօսութեան եւ խաղաղ բանակցութիւններու միջոցով Ատրպէյճանի հետ հակամարտութեան համապարփակ լուծում գտնելու հարցով:

44-օրեայ պատերազմի աւարտէն յետոյ արդէն իսկ եղած են նման շփումներու  փորձեր հրատապ շարք մը խնդիրներու լուծման նպատակով։ Մասնաւորապէս, Արցախի եւ Ատրպէյճանի ներկայացուցիչներուն միջեւ Ռուսիոյ խաղաղապահ զօրակազմին միջնորդութեամբ  տեղի ունեցած են քանի մը հանդիպումներ, որոնց ընթացքին քննարկուած են մարդասիրական, ենթակառուցուածքային եւ այլ տեխնիկական հարցեր՝ ուղղուած մարդոց խաղաղ եւ բնականոն կեանքի համար պայմաններու ապահովման։ Մինչեւ Ատրպէյճանի կողմէ Արցախի շրջափակումը ռուս խաղաղապահ զօրակազմին միջնորդութեամբ տեղի ունեցած հանդիպումներուն շնորհիւ արձանագրուած են յստակ արդիւնքներ՝ անյայտ կորսուածներու ճակատագրի բացայայտման եւ զոհուածներու աճիւններու որոնման, կենսական նշանակութեան ենթակառուցուածքներու բնականոն աշխատանքի ապահովման, գիւղատնտեսական աշխատանքներու կազմակերպման եւ այլ հարցերուն մէջ։ Այս ձևաչափով վերջին հանդիպումը տեղի ունեցած է 2023 թուականի Մարտ 1-ին, որուն ընթացքին քննարկուած են Արցախի ճանապարհային եւ ուժանիւթային շրջափակման դադրեցման առնչուող հարցեր։ Սակայն, ատրպէյճանական կողմը սկիզբը հրաժարած է կատարելէ հանդիպման ընթացքին ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւնները, իսկ այնուհետեւ դիմած է տարբեր սադրանքներու եւ նախայարձակ գործողութիւններու՝ հետեւողականօրէն մերժելով նշուած ձեւաչափով հանդիպումները շարունակելու Արցախի Հանրապետութեան բոլոր հետագայ առաջարկները։
Արցախի Հանրապետութեան իշխանութիւնները բազմիցս յայտարարած են, որ խաղաղ գործընթացի վերսկսման համար անհրաժեշտ է վերականգնել միջազգայնօրէն ճանչցուած բանակցային ձեւաչափը, որուն ծիրին մէջ հնարաւոր պիտի ըլլայ բարեխղճութեան, համագործակցութեան եւ կողմերու իրաւահաւասարութեան սկզբունքներուն հիման վրայ քննարկել բոլոր վիճայարոյց հարցերն ու հակասութիւնները։ Միեւնոյն ժամանակ այս մեխանիզմը պէտք է ըլլայ ներառական եւ ներկայացուցչական, ինչպէս նաեւ ունենայ համապատասխան կարողութիւններ եւ լիազօրութիւն՝ ապահովելու ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններուն եւ կողմերուն ստանձնած պարտաւորութիւններուն կատարումը։

Համոզուած ենք, որ միջազգային միջնորդներուն դերը պէտք չէ սահմանափակուի միայն բարի ծառայութիւններու մատուցմամբ, այլ պէտք է միտուած ըլայ առկայ խնդիրներուն արդար, հաւասարակշռուած եւ կենսունակ լուծումներ գտնելու, երկխօսութեան համար բարենպաստ եւ արժանի պայմաններ ստեղծելու գործընթացին մէջ աւելի աշխոյժ ներգրաւուածութեան, ինչպէս նաեւ Ատրպէյճանի կողմէ միջազգային իրաւունքի կանոններու եւ սկզբունքներու պահպանման եւ ՄԱԿ-ի կանոնադրութեան դրոյթներու իրականացման ապահովման։ Այս ծիրին մէջ եւս մէկ անգամ կ’ընդգծենք ԵԱՀԿ Մինսքի Խումբի համանախագահութեան ներուժի եւ փորձի օգտագործման, ինչպէս նաեւ հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման մէջ ներգրաւուած բոլոր հիմնական դերակատարներու արդիւնաւէտ համագործակցութեան կարեւորութիւնը։

Այս առումով առաջնային նշանակութիւն ունին միջազգային հանրութեան հաւաքական եւ անհատական ջանքերը՝ ուղղուած Արցախի մէջ բնական կենսապայմաններու ստեղծման, Արցախի ճանապարհային եւ ուժանիւթային շրջափակման դադրեցման, ապօրինի տեղադրուած ատրպէյճանական անցակէտի վերացման եւ մարդոց, փոխադրութեան միջոցներու եւ բեռներու Լաչինի միջանցքով երկու ուղղութիւններով ազատ տեղաշարժի ապահովման՝ համաձայն 2020 թուականի Նոյեմբեր 9-ի եռակողմ յայտարարութեան դրոյթներու եւ Արդարադատութեան Միջազգային Դատարանի 2023 թուականի Փետրուար 22-ի որոշման։

Ակնյայտ է, որ Արցախի շարունակուող խիստ շրջափակումը, ուժի կիրառման եւ ցեղային զտումներու աճող սպառնալիքները, ինչպէս նաեւ Արցախի 120.000 բնակչութիւնը պատանդի կարգավիճակով պահելը կը վնասեն ատրպէյճանա-ղարաբաղեան հակամարտութեան քաղաքական կարգաւորման ուղիներու շուրջ իրական երկխօսութիւն սկսելու հեռանկարին։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment