Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Ատրպէյճանի Կողմէ Անցակէտի Տեղադրումը Կը Հակասէ Կողմերուն Միջեւ Վստահութիւն Կառուցելու Ջանքերուն. Ժոզեփ Պորէլ

Ատրպէյճանի Կողմէ Անցակէտի Տեղադրումը Կը Հակասէ Կողմերուն Միջեւ Վստահութիւն Կառուցելու Ջանքերուն. Ժոզեփ Պորէլ

by MassisPost

Լաչինի միջանցքին Պաքուի կողմէ անցակէտի տեղադրումը կը հակասէ կողմերուն միջեւ վստահութիւն կառուցելու ջանքերուն: Նման յայտարարութիւն կատարած է ԵՄ դիւանագիտութեան ղեկավար Ժոզեփ Պորէլը Եւրոպական խորհրդարանին մէջ «Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւնները եւ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ու Լաչինի միջանցքին տիրող իրավիճակը» թեմայով քննարկման ժամանակ:

Հարցուպատասխանի ժամանակ Եւրախորհրդարանի պատգամաւոր Ֆրանսուա Քսաւիէ Պելաւին խստօրէն քննադատած է Ատրպէյճանի կողմէ Լաչինի միջանցքին շրջափակումը, որ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ յանգեցուցած է մարդասիրական ճգնաժամի:

«Արդարադատութեան Դատարանը դատապարտած է Ատրպէյճանի կողմէ շրջափակումը, սակայն այս պետական ահաբեկչութիւնը չէ յանգեցուցած Խորհուրդին կողմէ որեւէ պատժամիջոցի, իսկ Յանձնաժողովը, կը թուի, անկարող է, ինչպէս հարկն է, դատապարտել Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդին հիմնարար իրաւունքներու այս շատ լուրջ խախտումը», նշած է ԵԽ պատգամաւորը:

Անդրադառնալով պատգամաւորին դիտարկումներուն` ԵՄ արտաքին քաղաքականութեան եւ անվտանգութեան հարցերով բարձր ներկայացուցիչ Ժոզեփ Պորէլ ընդգծած է. «Ատրպէյճանի կողմէ կայացուած միակողմանի որոշումը` այս անցակէտը տեղադրելու վերաբերեալ, լիովին կը հակասէ կողմերուն միջեւ վստահութիւն կառուցելու ջանքերուն»:

Պորէլ շեշտած է, որ Լաչինի միջանցքը կը գտնուի ԵՄ դիտորդական առաքելութեան պատասխանատուութեան աշխարհագրական գօտիէն դուրս:

«Կան տարածքային գօտիներ, Հայաստանի հետ սահմանային հատուածներ, ուրկէ կ’երեւի, թէ ինչ կը կատարուի Լաչինի միջանցքին, սակայն միջանցքը ինքնին առաքելութեան իրաւասութիւններու եւ անոնց պատասխանատուութեան գօտիէն դուրս է: Այժմ մենք կը փորձենք յստակ այս խնդիրին համար լուծում գտնել», նշած է Պորէլ:

Ինչ կը վերաբերի ԵԽ պատգամաւորին կողմէ նշուած անգործութեան, Պորէլ շեշտած է, որ օրերս Մոլտովայի մէջ շատ կարեւոր հանդիպում տեղի ունեցած է Ֆրանսայի նախագահին, Գերմանիոյ վարչապետին եւ Եւրոպական Խորհուրդի նախագահին միջեւ: Բացի անկէ, ըստ Պորէլի, Շարլ Միշէլի հետ եւս մէկ հանդիպում կը նախատեսուի Յուլիսին, Պրիւքսէլի մէջ:

Ըստ Ժոզեփ Պորէլի` ջանքեր կը գործադրուին հայ-ատրպէյճանական հակամարտութիւնը լուծելու համար, կողմերը նոյնպէս պատրաստակամութիւն յայտնած են` շարունակելու բանակցութիւնները:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment