Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ «Զանգեզուրեան Միջանցքի Բացումը Անխուսափելի Է»․ Ալիեւ

«Զանգեզուրեան Միջանցքի Բացումը Անխուսափելի Է»․ Ալիեւ

by MassisPost

Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի պնդմամբ` «Զանգեզուրի միջանցքի բացումը անխուսափելի է»:

«Ամէն անգամ, երբ մենք կը հանդիպինք [Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեպ Էրտողանի հետ], մենք փոխադրութեան հարցեր կը քննարկենք: Ներկայիս աշխարհաքաղաքական պայմաններու մէջ Միջին միջանցքի նշանակութիւնը ա՛լ աւելի կը մեծնայ: Կասպից ծովով, ապա Ատրպէյճանի տարածքով բեռներուն ծաւալը տարուէ տարի կ’աւելնայ եւ պիտի աւելնայ: Ուստի մենք Ատրպէյճանի մէջ կ’ընդլայնենք մեր փոխադրութեան եւ լոկիսթիք հնարաւորութիւնները», յայտնած է Ալիեւը Պաքուի մէջ թուրք գործընկերոջ հետ հանդիպման յաջորդած ասուլիսին ընթացքին:

Ատրպէյճանի առաջնորդը շեշտած է, որ Ռեճեպ Էրտողանի հետ քննարկած են նաեւ «Զանգեզուրեան միջանցքի» շուտափոյթ բացումը:

«Զանգեզուրեան միջանցքի բացումը անխուսափելի է, որքան արագ այն բացուի, այնքան` լաւ: Ամէն պարագայի, մենք մեր ջանքերը այդ ուղղութեամբ պիտի աւելցնենք: Այս միջանցքին բացումը նոր հնարաւորութիւններ պիտի ստեղծէ բոլոր երկիրներուն համար եւ դրական ազդեցութիւն պիտի ունենայ տարածաշրջանին մէջ գործարար համագործակցութեան վրայ», համոզմունք յայտնած է Իլհամ Ալիեւը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment