Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Ատրպէյճանին Կոչ Կ’ընենք Պաշտպանելու ԼՂ Հայ Բնակչութեան Իրաւունքներն Ու Անվտանգութիւնը. ԵԱՀԿ

Ատրպէյճանին Կոչ Կ’ընենք Պաշտպանելու ԼՂ Հայ Բնակչութեան Իրաւունքներն Ու Անվտանգութիւնը. ԵԱՀԿ

by MassisPost

Հրապարակուած է ԵԱՀԿ յայտարարութիւնը` Ատրպէյճանի արտաքին գործերու նախարար Ճէյհուն Պայրամովի այցին առնչութեամբ:

Յայտարարութեան մէջ, մասնաւորապէս, կ’ըսուի.

«…մենք կոչ կ’ընենք Ատրպէյճանին` մշակելու դրական օրակարգ, որ պիտի պաշտպանէ Լեռնային Ղարաբաղի հայ բնակչութեան իրաւունքներն ու անվտանգութիւնը: Ներկայիս իրավիճակը մտահոգիչ է եւ բացասական մարդասիրական ազդեցութիւն կը թողէ, քանի որ ցեղային հայ բնակչութիւնը բազմիցս բախած է հիմնարար` ուժանիւթի եւ կապի ծառայութիւններու խափանումներուն: Զինադադարի յաճախակի խախտումները եւս լուրջ մտահոգութիւն կ’առաջացնեն անոնց բարեկեցութեան վերաբերեալ: Եթէ այդ դեռ այդպէս է, մենք կոչ կ’ընենք Պաքուին` յստակ քայլերու ձեռնարկելու ցեղային հայ բնակչութեան սահմանափակումները վերացնելու համար` ապահովելով ուժանիւթի կայուն մատակարարում եւ թոյլ տալով, որ պահպանուի ելեկտրացանցը:

«Աւելին, մենք կոչ կ’ընենք բոլոր կողմերուն` զերծ մնալու թշնամական հռետորաբանութենէ եւ փոխարէնը խթանելու խօսոյթ մը, որ վստահութիւն կը ձեւաւորէ եւ կը ստեղծէ խաղաղ բանակցութիւններու համար բարենպաստ միջավայր: Նաեւ պէտք է ձեռնարկուին վստահութեան ամրապնդման հետագայ միջոցառումներ, մասնաւորապէս` բանտարկեալներու ազատ արձակման հետ կապուած: ԵՄ-ն պիտի շարունակէ աջակցիլ ականազերծման գործողութիւններուն․ մենք կ’ընդգծենք կողմերուն միջեւ համագործակցութեան կարեւորութիւնը ականներէն տուժած տարածքները որոշելու համար»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment