Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Երեւանի Աւագանիի Ընտրութիւնները Տեղի Պիտի ունենան Սեպտեմբեր 17-ին –

Երեւանի Աւագանիի Ընտրութիւնները Տեղի Պիտի ունենան Սեպտեմբեր 17-ին –

by MassisPost

Երեւանի աւագանու ընտրութիւնները տեղի պիտի ունենան Սեպտեմբերի կէսին, օրը դեռ պէտք է նշանակէ կառավարութիւնը, սակայն Հանրայինի եթերով Կեդրոնական Ընտրական Յանձնաժողովի նախագահ Վահագն Յովակիմեանը ներկայացնելով օրէնքի պահանջը` բացատրեց, որ քուէարկութիւնը պէտք է տեղի ունենայ Սեպտեմբեր 10-20 ինկած առաջին Կիրակի օրը, օրացոյցով այդ Սեպտեմբեր 17-ն է:

«Ստացւում է` ամառային արձակուրդների թէժ շրջանում նաեւ սկսուելու է քարոզարշաւ», նշեց Յովակիմեան:

Իշխող «Քաղաքացիական Պայմանագիր»ը մէկ տարի առաջ յայտարարած էր, որ Երեւանի քաղաքապետի ընտրութիւններուն իրենց թեկնածուն նախկին փոխվարչապետ, ներկայիս փոխքաղաքապետ Տիգրան Աւինեանն է: Խորհրդարանական ընդդիմութիւնը դեռ լուռ է: «Հայաստան» խմբակցութեան քարտուղար Արծուիկ Մինասեան «Ազատութեան» փոխանցեց, որ այդ մասին պիտի խօսին մէկ շաբաթէն: Խմբակցութեան պատգամաւոր Անդրանիկ Թեւանեանը, սակայն, «Ազատութեան» հետ զրոյցին չհերքեց իր թեկնածութեան հաւանականութիւնը` բայց յաւելեց, որ հիմա անոր մասին խօսելու ժամանակը չէ:

«Չբացառելով մասնակցութիւնը` վաղաժամ եմ համարում այն պարզ պատճառով, որ մեր երկիրը հիմա այնպիսի հոլովոյթների մէջ է մտել եւ այնպիսի անվտանգային խնդիրներ կան, որ առաջնայինն այդ խնդիրներն են», ըսաւ Թեւանեան:

«Պատիւ Ունեմ»-էն ալ փոխանցեցին, որ այս հարցը դեռ խմբակցութեան մէջ չեն քննարկած:

33-ամեայ Աւինեանէն բացի, մայրաքաղաքի ղեկավարի պաշտօնը զբաղեցնելու ցանկութիւն յայտնած են նաեւ երգիչ Ռուբէն Հախուերտեանը, գործարար Տիգրան Արզաքանցեանի կինը` Նաթալիա Ռոթենպերկը: Աւագանիի անդամ Դաւիթ Խաժակեանն ալ անցեալ ամիս տեղեկացուց, որ «Լուսաւոր Հայաստան»ի թեկնածուն ինքը պիտի ըլլայ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment