Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Եւրոմիութեան Մէջ Եւս Կասկածելի Կը Համարեն Հայաստանէն Ռուսիա Արտահանման Զգալի Աճը

Եւրոմիութեան Մէջ Եւս Կասկածելի Կը Համարեն Հայաստանէն Ռուսիա Արտահանման Զգալի Աճը

by MassisPost

Հայաստանի միջոցով Ռուսիա արգիլուած ապրանքներ հասցնելու վերաբերեալ ամերիկեան նախազգուշացումներէն յետոյ հիմա ալ Եւրոմիութիւնը կը յայտարարէ` դէպի Ռուսիա արտահանման ծաւալներու զգալի աճը կասկածելի է:

«Առանձին համակարգերու բացերու շնորհիւ պատժամիջոցները շրջանցել ուզողները կրնան այդ ընել, առեւտուրի միջոցով պատժամիջոցները շրջանցելու որոշակի ձեւէր կան», նախօրէին յայտնած է Եւրոմիութեան տնտեսական հարցերով յանձնակատար Փաուլօ Ճենթիլոնին: Բարձրաստիճան պաշտօնեան մատնացոյց ըրած է ԵՄ պետութիւններէն շարք մը երկիրներ եւ այդ պետութիւններէն դէպի Ռուսիա արտահանման զգալի աճը: Ղազախիստանի եւ Ղրղզիստանի կողքին տուած է նաեւ Հայաստանի անունը:

Պաշտօնեան, սակայն, չէ յստակացուցած, թէ արգիլուած որ ապրանքներուն մասին է խօսքը:

«Ես ոեւէ մէկուն մատնացոյց չեմ ըներ, բայց պարզ է», ըսած է Եւրոմիութեան տնտեսական հարցերով յանձնակատարը: Պաշտօնեան ընդգծած է, որ այս հարցը Եւրոմիութեան մարտահրաւէրներէն մէկն է:

Ըստ Euronews-ի` ռուս-ուքրանական պատերազմի մեկնարկէն յետոյ` 2022-ին ԵՄ անդամ պետութիւններէն Հայաստան արտահանման ծաւալները շուրջ 1,9 միլիառ եւրօ կազմած են, այնինչ նախապատերազմական 2021-ին այս ցուցանիշը 860 միլիոն էր:

Միեւնոյն ժամանակ, պաշտօնական տուեալներով` անցեալ տարի Հայաստանէն Ռուսիա արտահանումը 2021-ի համեմատ աճած է գրեթէ 3 անգամ` գերազանցելով 4 միլիառ տոլարը: Օրինակ, եթէ 2021-ի առաջին վեց ամիսներուն Հայաստանէն Ռուսիա արտահանուած էր 745 հատ հեռախօս, մոտըմ, ապա 2022-ի նոյն ժամանակահատուածին թիւը հասած է 53 հազարի:

Վերջին ամիսներուն յաճախակի դարձած Արեւմուտքի զգուշացումներուն զուգահեռ, Հայաստանի իշխանութիւնները պարբերաբար կը յայտարեն, որ Երեւանը Մոսկուային չ’օգներ շրջանցելու պատժամիջոցները:

Պատժամիջոցները Հայաստանի կարմիր գիծն են, օրերս չեխական պարբերականներէն մէկուն տուած հարցազրոյցին մէջ ըսած էր վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը:

«Ուքրանիաայի իրադարձութիւններից յետոյ բեռնափոխադրումների լոկիսթիք շղթաները պատռուել են կամ չեն գործում: Շատ ապրանքներ, որոնք ուղղակիօրէն մատակարարւում էին Ռուսաստան, այժմ այնտեղ են գնում Հայաստանի, Ղազախստանի եւ այլ երկրների միջոցով», նշած է վարչապետը:

Փաշինեան նշած է, որ պատժամիջոցներու տակ գտնուող ապրանքներու մասով Երեւան կը փորձէ հնարաւորինս թափանցիկ ըլլալ ու շեշտել, որ Երեւանը այս հարցով կը համագործակցի բոլոր կողմերուն հետ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment