Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Վերջին Հինգ Տարուան Մէջ Շուրջ 40 Տոկոսով Աւելցած Է 5 Եւ Աւելի Երեխայ Ունեցողներուն Թիւը

Վերջին Հինգ Տարուան Մէջ Շուրջ 40 Տոկոսով Աւելցած Է 5 Եւ Աւելի Երեխայ Ունեցողներուն Թիւը

by MassisPost

Մայիս 15-ը կը նշուի որպէս Ընտանիքի միջազգային օր: ՄԱԿ-ը այն առաջին անգամ նշածէ 1994 թուականին: Օրը առիթ է անգամ մը եւս անդրադառնալու ընտանիքներու բարեկեցութեան ապահովման ու ամրապնդման ուղղուած ծրագիրներուն, առկայ մարտահրաւէրներուն: ՄԱԿ-ի Բնակչութեան հիմնադրամի հայաստանեան գրասենեակի հասարակայնութեան հետ կապերու համակարգող Մհեր Մանուկեան նշեց, որ այս տարուան թեման է «Աշխարհի մէջ ժողովրդագրական գործօններու ազդեցութիւնը ընտանիքիներուն վրայ»:

«Այս ազդեցութեանը պէտք է մի քանի կէտով անդարադառնալ: Նախ ծնելիութիւնը, որն ամբողջ աշխարհում անկում է ապրում: Աշխարհի բնակչութեան 2/3-րդն ապրում է այնպիսի տարածքներում, որտեղ ծնելիութեան գործակիցը պարզ վերարտադրողական ցուցանիշից` 2,1-ից, ցածր է», ըսաւ Մհեր Մանուկեան:

Խօսելով հայաստանեան միտումներէն` Մհեր Մանուկեան նշեց, որ շատ ընտանիքներ կը փափաքին 3 եւ աւելի երեխաներ ունենալ, բայց իրականութեան մէջ 1 կամ 2 հատ կ’ունենան տարբեր խոչընդոտներու պատճառով: Նախընտրելի է, որ անհրաժեշտ պայմանները բարելաւուին, որ ընտանիքներուն մէջ ծնին երեք եւ աւելի երեխաներ: Եւ այդ պէտք չէ ըլլայ միայն իւրաքանաչիւր երեխային գումար յատկացնելով: Երկարաժամկէտ հեռանկարի համար նախընտրելի է համալիր մօտեցում:

Պետութեան կողմէ երեխաներու ծննդեան առնչութեամբ շարք մը աջակցման ծրագիրներ կ’իրականացուին` ուղղուած ընտանիքներուն: Մինչեւ երեխայի ծնիլը պետութիւնը կը վճարէ մայրութեան նպաստ ինչպէս աշխատող, այնպէս ալ չաշխատող մայրերուն: Երեխան ծնելու պարագային եւս կը սահմանուի նպաստ: Առաջին եւ երկրորդ երեխայի պարագային կը վճարուի 300 հազար դրամ, 3-րդ եւ 4-րդ երեխայի պարագային՝ 1 միլիոն դրամ, 5-րդ եւ յաջորդ երեխային պարագային՝ 1,5 միլիոն դրամ: Յաջորդ փուլին նախատեսուած է երեխայի խնամքի նպաստ մինչեւ երեխայի 2 տարին լրանալը: Որքանո՞վ այս ծրագիրները իրենց ազդեցութիւնը կը թողեն ծնելիութեան վրայ:

«Ոչ մի առանձին ծրագիր չի կարող ազդեցութիւն ունենալ այնպիսի բազմագործօն երեւոյթի վրայ, ինչպիսին ծնելիութիւնն է: Այստեղ համալիր մօտեցում է անհրաժեշտ: Այդուհանդերձ, վերջին տարիներին կայունացել է ծնելիութեան նուազման միտումը: Դա դրական կարող ենք համարել: Կարծում եմ, որ յաջորդ միջոցառումների փունջն արդէն պէտք է ուղղուած լինի այդ ցուցանիշն աւելացնելուն», ըսաւ ՀՀ Աշխատանքի եւ Ընկերային Հարցերու Նախարարութեան Կենսաթոշակային Ապահովութեան եւ այլ Դրամական Վճարներու Վարչութեան պետ Անահիտ Գալստեանը:

Անոր խօսքով` վերջին տարիներուն իսկապէս նկատելի է, որ 3-էն  աւելի երեխայ ունեցող ընտանիքներուն թիւը աւելցած է: Վերջին հինգ տարուան մէջ շուրջ 40 տոկոսով աւելցած է 5 եւ աւելի երեխայ ունեցողներուն թիւը:

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment