Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Վահագն Վերմիշեանը Դատապարտուեցաւ 8 Տարուան Բանտարկութեան

Վահագն Վերմիշեանը Դատապարտուեցաւ 8 Տարուան Բանտարկութեան

by MassisPost

Հայաստանի Քաղաքաշինութեան Կոմիտէի նախկին նախագահ Վահագն Վերմիշեանը դատապարտուած է 8 տարուայ բանտարկութեան:

Վերմիշեանի փաստաբան Ալեքսանտր Գոչուպաեւը ֆէյսպուքեան իր էջով գրած է, որ դատավճիռը պիտի բողոքարկեն Վերաքննիչ Դատարանին մէջ: Կալանքի որոշումն ալ որակելով ապօրինի` փաստաբանը նշած է, որ այռ որոշման դէմ ալ գանգատ պիտի ներկայացնեն Եւրոպական Դատարան:

2020-ի Փետրուարին Վերմիշեան ազատուեցաւ Քաղաքաշինութեան Կոմիտէի նախագահի պաշտօնէն, որ կը զբաղեցնէր 2019-ի Մարտէն: Մինչ պաշտօնէն ազատիլը ան ձերբակալուած էր առանձնապէս մեծ չափի կաշառք ստանալու համար, ապա կալանաւորուած էր:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment