Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Երեւան Կ’ընդգծէ, որ Երկաթուղին Պէտք Է Գործէ Միայն Հայաստանի Օրէնսդրութեամբ

Երեւան Կ’ընդգծէ, որ Երկաթուղին Պէտք Է Գործէ Միայն Հայաստանի Օրէնսդրութեամբ

by MassisPost

Հայաստանն ու Ատրպէյճանը յստակ յառաջընթաց արձանագրած են հաղորդակցութեան ու տնտեսական ուղիներու բացման հարցով, պրիւքսէլեան բանակցութիւններու աւարտին յայտարարեց Եւրոպական Խորհուրդի նախագահը: Մասնաւորապէս, ըստ Շարլ Միշէլի, դիրքորոշումները շատ մօտեցած են դէպի Նախիջեւան եւ Նախիջեւանի միջոցով երկաթգիծի վերագործարկման հարցով:

Հայկական կողմը, սակայն, կը յայտարարէ, որ շինարարութեան մասին դեռ կանուխ է խօսիլ, քանի չեն համաձայնեցուած մանրամասնութիւնները:

«Անոնց համապատասխան աշխատանքային խումբերուն յանձնարարուած է աւարտին հասցնել երկաթուղային կապերու բացման եղանակները եւ անհրաժեշտ շինարարական աշխատանքներուն վերաբերեալ սկզբունքային համաձայանգիրը` յստակ ժամանակացոյցի հետ միասին: Անոնք նաեւ պայմանաւորուած են օգտուիլ Համաշխարհային Մաքսային Կազմակերպութեան աջակցութենէն», ըսած է ԵԽ ղեկավարը:

Այս երկաթուղին պէտք է գործէ միայն Հայաստանի օրէնսդրութեամբ եւ միայն բոլոր երաշխիքներէն յետոյ հնարաւոր պիտի ըլլայ անցնիլ գործնական քայլերու, լրագրողներու հետ զրոյցին յայտնեց արտաքին գործերու փոխնախարար Պարոյր Յովհաննիսեանը:

«Ժամկէտները պէտք է պարզել, դա մեր կարմիր գծերից մէկն է, խօսքը գնում է երկաթուղու մասին, պէտք է գործի միայն Հայաստանի Հանրապետութեան օրէնսդրութեամբ, իրաւասութեան տակ: Այդ հարցի վերաբերեալ ստոյգ երաշխիքներ ստանալուց յետոյ նոր կարող ենք խօսել շինարարական եւ այլ աշխատանքների մասին», ընդգծեց արտաքին գործերու փոխնախարարը:

Պայմանաւորուածութիւններուն համաձայն` Ատրպէյճանի հետ կապը վերականգնելու համար Հայաստանը Մեղրիի հատուածին մէջ 45 քիլոմեթրնոց երկաթգիծ պէտք է կառուցէ: Կառավարութիւնը 2022-ի Յունուարին այս աշխատանքներուն համար 10 հոգիէ կազմուած յատուկ խումբ ստեղծեց, որ կը ղեկավարէ վարչապետի խորհրդական, Իրանի մէջ Հայաստանի նախկին դեսպան Արտաշէս Թումանեանը: Այս խումբը այնտեղ հետազօտութիւններ սկսաւ: Այդ ժամանակ հայկական կողմը նախնական գնահատականներ ալ հնչեցուց. Երասխի հատուածը վերականգնելու համար ամիսներ պէտք պիտի ըլլան, Մեղրիի հատուածին մէջ անհրաժեշտ պիտի ըլլայ երեք տարի: Այս պայմանաւորուածութենէն ու յայտարարութիւններէն յետոյ, սակայն, երկաթուղիի վերաբերեալ քննարկումները մարեցան:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment