Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Փեսքով. «Ռուսիան Հայաստանէն Եւ Ատրպէյճանէն Զսպուածութիւն Կ’ակնկալէ»

Փեսքով. «Ռուսիան Հայաստանէն Եւ Ատրպէյճանէն Զսպուածութիւն Կ’ակնկալէ»

by MassisPost

Ռուսիոյ Դաշնութիւնը նոր լարուածութեան պայմաններուն մէջ Հայաստանէն եւ Ատրպէյճանէն զսպուածութիւն կ’ակնկալէ: Այդ մասին ըսած է նախագահ Վլատիմիր Փութինի խօսնակ Տմիթրի Փեսքով:

Ան նշած է, որ տուեալ պահին Փութինի օրակարգին մէջ նախատեսուած չեն շփումներ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ:

«Հիմա նման բան չկայ, բայց շփումները կը շարունակուին, տառացիօրէն նախանցեալ օրը Փութին առանձնազրոյց ունեցած է Մոսկուա այցելած Փաշինեանի հետ, կը շարունակուին շփումները նաեւ ատրպէյճանական կողմին հետ: Ռուսիան պիտի շարունակէ կատարել եռակողմ յայտարարութիւններով ստանձնած պարտականութիւնները», յայտնած է Փեսքով:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment