Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Նենսի Փելոսին Հանդիպած Է Հայաստան-ԱՄՆ Բարեկամական Խումբի Անդամներուն Հետ

Նենսի Փելոսին Հանդիպած Է Հայաստան-ԱՄՆ Բարեկամական Խումբի Անդամներուն Հետ

by MassisPost

2023 թուականի Մայիս 10-ին ՀՀ Ազգային Ժողովի Հայաստան-ԱՄՆ բարեկամական խումբի անդամները` բարեկամական խումբի ղեկավար, ԱԺ «Քաղաքացիական Պայմանագիր» խմբակցութեան ղեկավար Հայկ Կոնջորեանը, ԱԺ Արտաքին Յարաբերութիւններու Յանձնաժողովի նախագահ Սարգիս Խանդանեանը, ԱԺ պատգամաւորներ Վահագն Ալեքսանեանը, Հռիփսիմէ Գրիգորեանը, Իրինա Գասպարեանը, ԱՄՆ-ի մէջ ՀՀ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Լիլիթ Մակունցը, Ուաշինկթընի մէջ հանդիպած են ԱՄՆ Գոնկրէսի Ներկայացուցիչներու Պալատի նախկին խօսնակ, գոնկրէսական Նենսի Փելոսիին, Գոնկրէսի Հայկական Հարցերով Յանձնախումբի համանախագահ Ֆրենք Փըլլոնին, Ներկայացուցիչներու Պալատի անդամներ Ռոպ Մենենտեսին, Տեպի Տինկլին եւ Ճեն Շչեքովսքիին:

Ներկայացուցիչներու Պալատի նախկին խօսնակ Նենսի Փելոսին ջերմութեամբ յիշեց Հայաստան կատարած իր այցը` վերահաստատելով իրենց աջակցութիւնը Հայաստանի ժողովրդավարութեան, ինքնիշխանութեան ու տարածքային ամբողջականութեան:

Հայաստան-ԱՄՆ բարեկամական խումբի ղեկավար Հայկ Կոնջորեանը հանդիպման ժամանակ կարեւորած է Հայաստանի Հանրապետութեան եւ ԱՄՆ-ի միջեւ առկայ ռազմավարական երկխօսութիւնը, ընդգծած ԱՄՆ օժանդակութիւնը Հայաստանի մէջ իրականացուող ժողովրդավարական բարեփոխումներուն:

Կողմերը փոխադարձաբար ընդգծած են միջխորհրդարանական համագործակցութեան առկայ բարձր մակարդակը եւ պայմանաւորուած են շարունակել քաղաքական խորհրդակցութիւնները եւ փոխադարձ այցերը:

Հանդիպման ընթացքին քննարկուած է Հայաստանի շուրջ առկայ անվտանգային իրավիճակը, Լաչինի միջանցքի ապօրինի շրջափակումը, ինչպէս նաեւ Ատրպէյճանի հետ ընթացող խաղաղութեան գործընթացը, առկայ մարտահրաւէրներն ու անոնց լուծման ուղիները:

Հայ խորհրդարանականները ընդգծած են, որ Հայաստանը հաւատարիմ է խաղաղութեան օրակարգին, որուն նպատակն է տարածաշրջանին մէջ կայուն եւ երկարատեւ խաղաղութեան հաստատումը:

Ներկայացուցիչներու Պալատի գործընկերները վերահաստատած են իրենց պատրաստակամութիւնը` հետագային եւս աջակցելու Հայաստանի Հանրապետութեան տարբեր ձեւաչափերով:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment