Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ատրպէյճանի Բարձրաստիճան Պաշտօնեաներու Նկատմամբ Պատժամիջոցներ Պէտք Է Կիրառուին․ ԱՄՆ Ծերակոյտի Յանձնաժողովին Յայտարարութիւնը

Ատրպէյճանի Բարձրաստիճան Պաշտօնեաներու Նկատմամբ Պատժամիջոցներ Պէտք Է Կիրառուին․ ԱՄՆ Ծերակոյտի Յանձնաժողովին Յայտարարութիւնը

by MassisPost

Ատրպէյճանի բարձրաստիճան պաշտօնեաներու նկատմամբ հարկաւոր է պատժամիջոցներ կիրառել, մինչ Ուաշինկթըն ճնշում կը գործադրէ Պաքուի վրայ Լաչինի միջանցքը բանալու հարցով:

Նման յայտարարութիւն ըրած է ԱՄՆ Ծերակոյտի Արտաքին Յարաբերութիւններու Յանձնաժողովը:

«Պաքուի կողմէ Լեռնային Ղարաբաղի շրջափակումէն 150 օր անց ակնյայտ է, որ Ալիեւը մարդասիրական ճգնաժամ կը ստեղծէ եւ կ’անջատէ կարեւոր ենթակառուցուածքներու ելեկտրականութիւնը: Ատրպէյճանի բարձրաստիճան պաշտօնեաներու նկատմամբ պատժամիջոցները պէտք է դրուած ըլլան սեղանին, մինչ մենք ճնշում կը գործադրենք Լաչինի միջանցքը բանալու համար», նշուած է յանձնաժողովի թուիթթըրեան էջով հրապարակուած գրառման մէջ:

Ծերակոյտի Արտաքին Յարաբերութիւններու Յանձնաժողովը գրառման կցած է հաղորդագրութիւն այն մասին, որ Լեռնային Ղարաբաղը արդէն 5 ամիսէ կը գտնուի շրջափակման մէջ, կազի եւ ելեկտրականութեան անջատումները կը շարունակուին, իսկ տարածաշրջանի ամենամեծ ջրամբարի պաշարները կը սպառին, ինչ որ կը սպառնայ տարածաշրջանը թողել առանց ջրաելեկտրակայանի:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment