Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՀՀ Սահմանը Ապօրինի Հատած Ատրպէյճանի Զինուորը Դատապարտուած Է 11,5 Տարուան Բանտարկութեան,

ՀՀ Սահմանը Ապօրինի Հատած Ատրպէյճանի Զինուորը Դատապարտուած Է 11,5 Տարուան Բանտարկութեան,

Սպանութեան Մէջ Մեղադրուող Ատրպէյճանցիին Գործը Տակաւին Նախաքննութեան Փուլին Է

by MassisPost

Մէկ ամիս առաջ ՀՀ սահմանը ապօրինի հատած Ատրպէյճանի զինուոր Ակշին Պապիրովը դատապարտուած է 11 տարի 6 ամիս 15 օր ժամկէտով բանտարկութեան: Այս մասին Civic.am-ի հետ զրոյցին ըսաւ դատական բաժանմունքի մամուլի պատասխանատու Լիլիթ Շապոյեանը եւ յաւելեց, որ դատավճիռը կայացուած է Մայիս 4-ին:

Նշենք, որ Ակշին Պապիրովի գործը վարոյթ ընդունուած էր Սիւնիքի մարզի ընդհանուր իրաւասութեան դատարանի դատաւոր Նափոլէոն Օհանեանի կողմէ:

Ակշին Պապիրովը կը մեղադրուէր խումբ մը անձերու կողմէ նախնական համաձայնութեամբ Հայաստանի պետական սահմանը ապօրինի հատելու եւ հրազէն ու ռազմամթերք ապօրինի տեղափոխելու համար: Նշուած մեղադրանքները հաստատուած են դատարանին կողմէ:

Նշենք, որ Ակշին Պապիրովի հետ Հայաստանի սահմանը ապօրինի հատած էր նաեւ Ատրպէյճանի մէկ այլ զինուոր Հիւսէյն Ախունտովը:

Սակայն ան, բացի վերոնշեալ արարքներէն, նաեւ կը մեղադրուի ազգային ատելութեան, անհանդուրժողականութեան եւ թշնամանքի շարժառիթով Զանգեզուրի պղնձամոլիպտենային գործարանի աշխատակիցին ապօրինաբար կեանքէ զրկելու համար:

ՀՀ գլխաւոր դատախազի մամուլի քարտուղար Լուսինէ Մարտիրոսեանը նշեց, որ Ատրպէյճանի զինուոր Հիւսէյն Ախունտովի գործը տակաւին նախաքննութեան փուլին է:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment