Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Դատախազութիւնը Կը Պահանջէ Գէորգ Կոստանեանէն Բռնագանձել 1,9 Միլիոն Տոլար

Դատախազութիւնը Կը Պահանջէ Գէորգ Կոստանեանէն Բռնագանձել 1,9 Միլիոն Տոլար

Դատախազը Միջնորդեց Թոյլատրել Լրացնել Հայցի Հիմքն Ու Առարկան

by MassisPost

Հակափտածութեան դատարանին մէջ կայացաւ ՀՀ նախկին գլխաւոր դատախազ Գէորգ Կոստանեանի ապօրինի ծագում ունեցող գոյքի բռնագանձման գործով դատական նիստը:

Դատախազութիւնը նախկին պաշտօնեայէն եւ անոր հետ փոխկապակցուած անձերէն կը պահանջէ բռնագանձել աւելի քան 900 հազար տոլար արժողութեամբ` Երեւանի, Ծաղկաձորի եւ Ջրվէժի անոր տուները, ինչպէս նաեւ աւելի քան 1 միլիոն տոլար:

Դատական նիստի ընթացքին մեղադրող կողմը ներկայացուց հայցի հիմքի եւ առարկայի փոփոխութեան թոյլտուութեան միջնորդութիւն, որու բաւարարման դէմ պատասխանող կողմը առարկած է: Կոստանեանի պաշտպաններուն կարծիքով` դատախազութիւնը նման միջնորդութիւն ներկայացնել չի կրնար, քանի որ այն չի բխիր «ապօրինի ծագում ունեցող գոյքի բռնագանձման» մասին օրէնքի 18-րդ եւ 20-րդ յօդուածի կարգաւորումներէն:

Այսպիսով պատասխանող կողմի ներկայացուցիչ Վարազդատ Ասատրեանը դատարանէն խնդրեց չբաւարարել հայցուոր կողմին միջնորդութիւնը:

Դատարանը պիտի բաւարարէ՞, թէ՞ մերժէ դատախազութեան միջնորդութիւնը` յայտնի պիտի ըլլայ յաջորդ դատական նիստի ժամանակ, որ նշանակուեցաւ Յունիս 5-ին ժամը 15:00-ին:

Յիշեցնենք, որ Գէորգ Կոստանեանը որպէս մեղադրեալ ներգրաւուած է Մարտ 1-ի գործով: Վերջինիս կը վերագրուի Քրէական օրէնսգիրքի քանի մը յօդուածներով նախատեսուած արարք:

Կոստանեանի նկատմամբ խափանման միջոց ընտրուած է կալանաւորումը, սակայն վերջինս կը բացակայի երկրէն:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment