Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Հայաստան Այցելած Զբօսաշրջիկներուն Թիւը Աւելցած Է Աւելի Քան 80 Տոկոսով

Հայաստան Այցելած Զբօսաշրջիկներուն Թիւը Աւելցած Է Աւելի Քան 80 Տոկոսով

by MassisPost

Հայաստան այս տարուան առաջին եռամսեակին 451 հազար 850 զբօսաշրջիկ այցելած է, ինչ որ 81,2 տոկոսով աւելի է, քան  նախորդ տարուան նոյն ժամանակահատուածին:

Այս մասին կը վկայեն ՀՀ Վիճակագրական Կոմիտէին հրապարակած տուեալները:

Յունուար-Մարտ ամիսներուն Հայաստան ամենաշատը այցելած են Ռուսիոյ քաղաքացիներ, ռուս զբօսաշրջիկներու թիւը կազմած է 237 հազար 40: Երկրորդ տեղն են տարբեր երկիրներէ Հայաստան այցելած Հայաստանի քաղաքացիները` 74 հազար 186: Զգալի է նաեւ Հայաստան այցելած Վրաստանի քաղաքացիներուն թիւը` 53 հազար 707, Իրանի քաղաքացիներուն թիւը`  25 հազար 458:

Այս տարուան առաջին երեք ամսուան ընթացքին Հայաստան այցելած է նաեւ Թուրքիոյ 2 հազար 712 քաղաքացի, ինչ որ 2,2 անգամ աւելի է, քան նախորդ տարուան նոյն ժամանակահատուածին արձանագրուած ցուցանիշը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment