Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Քրեմլին Չի Բացառեր Հայ-Ռուսական Բարձր Մակարդակի Բանակցութիւններ Մոսկուայի Մէջ

Քրեմլին Չի Բացառեր Հայ-Ռուսական Բարձր Մակարդակի Բանակցութիւններ Մոսկուայի Մէջ

by MassisPost

Ռուսիոյ նախագահի մամուլի խօսնակ Տմիթրի Փեսքով հայ-ռուսական բարձր մակարդակի հանդիպման հնարաւորութեան վերաբերեալ ըսած է, թէ որոշակի ծրագիրներ կը քննարկուին:

«Առայժմ եկէք չշտապենք, որոշակի ծրագիրներ կը քննարկուին, քննարկումներու աւարտին մենք համապատասխան յայտարարութիւն պիտի ընենք: Առայժմ այդ վաղաժամ կը համարենք», ըսած է Փեսքով` պատասխանելով հարցին, թէ յաջորդ շաբաթ կը ծրագրուի՞ արդեօք հայ-ռուսական բարձր մակարդակի հանդիպում, կամ Ռուսիոյ, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ եռակողմ բանակցութիւններ:

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Փրակի մէջ ըսած է, որ յաջորդ շաբաթ պիտի մեկնի Մոսկուա, առանց նշելու, թէ ինչ օրակարգով պիտի երթայ եւ թէ ինչ հանդիպումներ նախատեսուած են:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment