Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ ՀՀ Կառավարութիւնը 3,5 Միլիառ Դրամի Միջպետական Վարկ Յատկացուց Արցախի Ընկերային Կարիքներուն Համար

ՀՀ Կառավարութիւնը 3,5 Միլիառ Դրամի Միջպետական Վարկ Յատկացուց Արցախի Ընկերային Կարիքներուն Համար

by MassisPost

ՀՀ Կառավարութիւնը որոշեց փոփոխութիւն կատարել 2023 թուականի պիւտճէի մասին օրէնքին մէջ եւ Լեռնային Ղարաբաղի կառավարութեան միջպետական վարկ տրամադրել:

Ներկայացուող նախագիծին նպատակը յետպատերազմեան ժամանակահատուածին Լեռնային Ղարաբաղի տարածքին ստեղծուած ընկերային լարուածութիւնը մեղմելու համար յաւելեալ ֆինանսաւորում տրամադրելն է:

Նախագիծով կը նախատեսուի ՀՀ 2023 թուականի պետական պիւտճէի հարկային եկամուտներէն տրամադրել միջպետական վարկ Լեռնային Ղարաբաղին 3,5 միլիառ դրամի չափով` յետպատերազմեան ժամանակահատուածին Լեռնային Ղարաբաղի տարածքին ստեղծուած ընկերային լարուածութիւնը մեղմելուն ուղղուած յաւելեալ ֆինանսաւորման համար, կ’ըսուի որոշման մէջ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment