Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԵԽԽՎ Համազեկուցողները Կը Կրկնեն Լաչինի Միջանցքը Վերաբանալու Կոչը

ԵԽԽՎ Համազեկուցողները Կը Կրկնեն Լաչինի Միջանցքը Վերաբանալու Կոչը

by MassisPost

Եւրոպայի Խորհուրդի Խորհրդարանական Վեհաժողովի (ԵԽԽՎ) Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի վերահսկողութեան համազեկուցողները հանդէս եկած են յայտարարութեամբ` վերահաստատելով Լաչինի միջանցքը վերաբանալու կոչը:

«Մենք կը վերահաստատենք 2022 թուականի Դեկտեմբեր 16-ին հրապարակուած` Լաչինի միջանցքով ազատ տեղաշարժի վերականգնման մեր կոչը եւ կը յիշեցնենք Մարդու Իրաւունքներու Եւրոպական Դատարանի 2022 թուականի Դեկտեմբեր 21-ի որոշումը եւ Արդարադատութեան Միջազգային Դատարանի 2023-ի Փետրուար 22-ի վճիռը. վերջինին մէջ նշուած է, որ «Ատրպէյճանը պէտք է ձեռնարկէ իր տրամադրութեան տակ եղած բոլոր միջոցները` ապահովելու մարդոց, փոխադրութեան միջոցներու եւ բեռերու անարգել տեղաշարժը Լաչինի միջանցքով երկու ուղղութիւններով», ըսուած է յայտարարութեան մէջ:

«Ի գիտութիւն ընդունած ենք, որ Հայաստանը յայտնած է Ապրիլ 23-ին Լաչինի միջանցքին անցակէտի տեղադրման հարցով Արդարադատութեան Միջազգային Դատարան դիմելու մտադրութեան մասին», կը յայտարարեն եւրոպացի չորս խորհրդարանականները:

«Կոչ կ’ընենք Ատրպէյճանին եւ Հայաստանին ձեռնպահ մնալու որեւէ միակողմանի քայլերէ, որոնք կրնան աւելի բարդացնել Եւրոմիութեան կողմէ ամենաբարձր մակարդակով եւ Հայաստանի մէջ ԵՄ առաքելութեան ներկայութեամբ աջակցուող բանակցային ջանքերը: Կոչ կ’ընենք աշխուժացնելու սահմանային հարցերու շուրջ բանակցութիւնները եւ բոլոր վէճերը լուծելու խաղաղ ճանապարհով», նշուած է յայտարարութեան մէջ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment