Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՀՀ Կառավարութեան Արտաքին Պարտքը Նուազած Է Ե՛ւ Դրամային, Ե՛ւ Տոլարային Արտայայտութեամբ

ՀՀ Կառավարութեան Արտաքին Պարտքը Նուազած Է Ե՛ւ Դրամային, Ե՛ւ Տոլարային Արտայայտութեամբ

by MassisPost

ՀՀ Կառավարութեան պարտքը 2022 թ. Դեկտեմբեր 31-ի դրութեամբ կազմած է 3 թրիլիոն 969 միլիառ դրամ կամ 10 միլիառ 86 միլիոն տոլար, պարտք-ՀՆԱ յարաբերակցութիւնը էականօրէն նուազած է` կազմելով 46,7 տոկոս` կանխատեսուած 60,2 տոկոսի փոխարէն:

Այս մասին ըսաւ ՀՀ ելեւմուտքի նախարար Վահէ Յովհաննիսեանը Հայաստանի Հանրապետութեան 2022 թուականի պետական պիւտճէի կատարման տարեկան հաշուետուութեան հաւանութիւն տալու մասին հարցի զեկուցման:

Յովհաննիսեան յիշեցուց, որ 2022-ի Ապրիլ ամիսէն դէպի ՀՀ մարդոց ներհոսքի, զբօսաշրջութեան զգալի աւելացման եւ տեղեկատուական արհեստագիտութեան ոլորտի ընկերութիւններու Հայաստան տեղափոխուելու պատճառով տնտեսական աշխուժութեան աճի կշռոյթները կտրուկ աւելցած են, յատկապէս` ծառայութիւններու ոլորտին մէջ: Որպէս ադիւնք՝ 2022 թուականին արձանագրուած է 12,6 տոկոս տնտեսական աճ:

«Նախորդ տարուայ համեմատ պետական պիւտճէի ե՛ւ եկամուտներում, ե՛ւ ծախսերում արձանագրուել է աճ: Մասնաւորապէս եկամուտներն աճել են 22,5 տոկոսով կամ 379,3 միլիառ դրամով: Ծախսերն աճել են 11,9 տոկոսով կամ 238,3 միլիառ դրամով: 2022 թ. պետական պիւտճէ են մուտագրուել շուրջ 1 թրիլիոոն 926 միլիառ դրամ հարկային եկամուտներ եւ պետական տուրքեր, որոնք 104,4 տոկոսով ապահովել են օրէնքով հաստատուած ցուցանիշը», ըսաւ նախարարը:

2021 թուականի համեմատ գրեթէ բոլոր հարկատեսակներու առումով արձանագրուած է մուտքերու աճ` բացառութեամբ մաքսատուրքերու առումով մուտքերու:

Յովհաննիսեան նշեց նաեւ, հարկապիւտճէտային քաղաքականութեան ջանքերը թոյլ տուած են ապահովելու ՀՆԱ-ի համեմատութեամբ պետական պիւտճէի պակասուրդի նուազում: Որպէս արդիւնք` պիւտճէով ծրրագրաւորուած` ՀՆԱ-ի նկատմամբ 3 տոկոս պակասուրդը տարուան ընթացքին վերանայուած է եւ փաստացի կազմած է 2,1 տոկոս` նախորդ տարուան համեմատ նուազելով 2,5 տոկոսային կէտով: 2021 թ. համեմատ զգալիօրէն փոխուած է պակասուրդի ֆինանսաւորման աղբիւրներու կառուցուածքը:

«Եթէ 2021-ին պակասուրդը զգալիօրէն` 68,4 տոկոսով ֆինանսաւորուել էր արտաքին աղբիւրներից` պայմանաւորուած արտարժութային պետական պարտատոմսերի թողարկմամբ, ապա 2022-ին պակասուրդը ամբողջութեամբ ֆինանսաւորուել է ներքին աղբիւրների հաշուին: Պետական բիւջէի պակասուրդի նուազման, բարձր տնտեսական աճի եւ փոխարժէքի արժեւորման պայմաններում կառավարութեան պարտք-ՀՆԱ յարաբերակցութիւնը էականօրէն նուազել է` կազմելով 46,7 տոկոս` կանխատեսուած 60,2 տոկոսի փոխարէն, 2021-ի համեմատ նուազելով 13,6 տոկոսային կէտով: Կառավարութեան պարտքը 2022 թ. Դեկտեմբերի 31-ի դրութեամբ կազմել է 3 թրիլիոն 969 միլիառ դրամ կամ 10 միլիառ 86 միլիոն տոլար: Ընդ որում կառավարութեան արտաքին պարտքը նուազել է ե՛ւ դրամային, ե՛ւ տոլարային արտայայտութեամբ», եզրափակեց նախարարը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment