Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ ԱՄՆ Եւ ԵՄ Ձախողած Են Երեւանի Եւ Պաքուի Յարաբերութիւններուն Մէջ «Ազնիւ Միջնորդ»ի Դերի Դիմումերը. Զախարովա

ԱՄՆ Եւ ԵՄ Ձախողած Են Երեւանի Եւ Պաքուի Յարաբերութիւններուն Մէջ «Ազնիւ Միջնորդ»ի Դերի Դիմումերը. Զախարովա

by MassisPost

ԱՄՆ եւ ԵՄ ներկայացուցիչները, մասնաւորապէս` Ֆրանսան, ձախողած են հայ-ատրպէյճանական յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին մէջ «ազնիւ միջնորդի» դերի դիմումները: Այս մասին ճեպազրոյցի ժամանակ յայտնած է Ռուսիոյ Արտաքին Գործերու Նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Մարիա Զախարովան:

«Ֆրանսացի եւ ամերիկացի գործընկերներուն` բոլորը համոզելու փորձերը, որ իրենք կ’առաջնորդուին բացառապէս Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղութեան հասնելու շահերով, կը հերքուին անոնց կանոնաւոր հակառուսական յարձակումներով», ըսած է Զախարովան:

Անոր խօսքով` նման յայտարարութիւնները կարելի չէ վերագրել կառուցողական­ աշխատանքին: Արտայայտութիւնները կ’ուժեղացնեն այն զգացումը, որ Ուաշինկթընի եւ Փարիզի իրական ձգտումները կը կրեն իրադրային, քաղաքականացուած բնոյթ եւ ուղղուած են խարխլելու Ռուսիոյ դիրքերը, անոնց ծրագիրներուն մէջ չի մտներ տարածաշրջանի ժողովուրդներու ճակատագրին նկատմամբ հոգերը, կը կարծէ դիւանագէտը:

Աւելի վաղ ռուսական կողմը յայտարարած էր, որ ղարաբաղեան կարգաւորման հարցով ԵԱՀԿ Մինսքի Խումբի համանախագահներու (Ռուսիա, Ֆրանսա, ԱՄՆ) ձեւաչափը փաստացի այլեւս գոյութիւն չունի, քանի որ արեւմտեան երկիրները կը հրաժարին համագործակցելէ Մոսկուայի հետ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment