Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Արցախի Նախագահը Ընդունած Է Ռուս Խաղաղապահ Զօրակազմի Նորանշանակ Հրամանատար Ալեքսանտր Լենցովը

Արցախի Նախագահը Ընդունած Է Ռուս Խաղաղապահ Զօրակազմի Նորանշանակ Հրամանատար Ալեքսանտր Լենցովը

by MassisPost

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանը Ապրիլ 27-ին ընդունած է Արցախի մէջ տեղակայուած Ռուսիոյ խաղաղապահ զօրակազմի նորանշանակ հրամանատար, զօրավար-գնդապետ Ալեքսանտր Լենցովը:

Նախագահ Յարութիւնեան, ողջունելով նորանշանակ հրամանատարը, ընդգծած է ստեղծուած ռազմաքաղաքական իրավիճակին մէջ Ռուսիոյ խաղաղապահ զօրակազմին դերը Արցախի ժողովուրդի անվտանգութեան եւ տարածաշրջանին մէջ կայունութեան ապահովման հարցով: Երկուստեք կարեւորուած է 2020 թուականի Նոյեմբեր 9-ի եռակողմ յայտարարութեան դրոյթներու անշեղ կատարման անհրաժեշտութիւնը:

Հանրապետութեան նախագահը փոխանցած է Արցախի իշխանութիւններուն ակնկալիքը ռուս խաղաղապահ զօրակազմէն, որ սեղմ ժամկէտի մէջ պիտի ապահովուի Արցախ-Հայաստան երկկողմանի հաղորդակցութեան բոլոր խոչընդոտներու վերացումն ու անվտանգութիւնը` Եռակողմ յայտարարութեամբ ստանձնած պարտաւորութիւններուն համապատասխան:

Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են խաղաղապահ զօրակազմի գործունէութեան, Արցախի ապաշրջափակման, Լաչինի միջանցքի կարգի պահպանման, կենսական ենթակառուցուածքներու բնականոն գործունէութեան երաշխաւորման վերաբերող եւ այլ հարցեր:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment