Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Քրեմլինը` Փութին-Փաշինեան Հեռախօսազրոյցին Մասին

Քրեմլինը` Փութին-Փաշինեան Հեռախօսազրոյցին Մասին

by MassisPost

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին եւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան քննարկած են տարածաշրջանին մէջ կայունութեան եւ անվտանգութեան ապահովման ուղղութեամբ գործնական խնդիրները` հաշուի առնելով Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ ստեղծուած իրավիճակը, յայտնած է Քրեմլինի Մամուլի ծառայութիւնը:

Աւելի վաղ Հայաստանի կառավարութեան Մամուլի ծառայութիւնը յայտնած էր, որ Փութինն ու Փաշինեանը քննարկած են հարցեր` կապուած Լաչինի միջանցքի եւ ստեղծուած մարդասիրական իրավիճակին հետ:

«Լաչինի միջանցքին իրադրութեան ներկայիս սրման ծիրին մէջ հաստատուած է Ռուսիոյ, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարներուն միջեւ հիմնարար պայմանաւորուածութիւններու ամբողջ համալիրը անշեղօրէն  պահպանելու կարեւորութիւնը», կ’ըսուի հաղորդագրութեան մէջ:

Զրոյցի ընթացքին Ռուսիոյ նախագահը նաեւ համերաշխութիւն յայտնած է հայ ժողովուրդին` կապուած Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակի օրուան հետ:

Պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերուած է շարունակել շփումները տարբեր մակարդակներով:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment