Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Ատրպէյճանցիներու Սահմանապահները Պետական Դրօշ Բարձրացուցած Են Վիճայարոյց Անցակէտին Վրայ

Ատրպէյճանցիներու Սահմանապահները Պետական Դրօշ Բարձրացուցած Են Վիճայարոյց Անցակէտին Վրայ

by MassisPost

Ատրպէյճանի սահմանապահ պետական ծառայութիւնը Լաչին-Ստեփանակերտ ճանապարհի սկզբնամասին` առանց ռուսական եւ հայկական կողմերու համաձայնութեան, տեղակայած անցակէտին վրայ պետական դրօշի բարձրացման արարողութիւն կազմակերպած է:

«Տեղի ունեցած է դրօշի բարձրացում, ինչի մասին զեկուցուած է Ատրպէյճանի նախագահ, Զինուած Ուժերու գերագոյն գլխաւոր հրամանատար Իլհամ Ալիեւին», կ’ըսուի ծառայութեան հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ:

Տեղի ունեցած արարողութեան մասին յայտնած է «Ինթեֆաքս-Ազէրպայճան» լրատուական գործակալութիւնը, որ կը նշէ, որ աւելի վաղ` Ապրիլ 23-ին, Ատրպէյճանի սահմանապահ պետական ծառայութիւնը ճանապարհին նոր անցակէտ տեղակայած է:

Այդ անցակէտին` եռակողմ համաձայնութիւններու խախտմամբ տեղադրման հետեւանքով Շուշիի շրջանի հայկական չորս գիւղեր յայտնուած են փաստացի շրջափակման մէջ:

Ռուսիան «միակողմանի քայլ» անուանած է Ատրպէյճանի գործողութիւնը, շարք մը երկիրներ զայն միանշանակ եւ խստօրէն դատապարտած են:

Ռուս խաղաղապահները յայտնած են, որ վիճայարոյց անցակէտին շուրջ կը բանակցին ատրպէյճանական եւ հայկական կողմերուն հետ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment