Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Հայաստանի Տնտեսական Աշխուժութեան Ցուցանիշը Երեք Ամսուան Մէջ Աճած Է 12,2 Տոկոսով

Հայաստանի Տնտեսական Աշխուժութեան Ցուցանիշը Երեք Ամսուան Մէջ Աճած Է 12,2 Տոկոսով

by MassisPost

Հայաստանի տնտեսական աշխուժութեան ցուցանիշը 2023 թուականի Յունուար-Մարտ ամիսներուն 12,2 տոկոսով աւելցած է նախորդ տարուան նոյն ժամանակահատուածին նկատմամբ:

Այս մասին կը փաստեն ՀՀ Վիճակագրական Կոմիտէին հրապարակած տուեալները:

Արդիւնաբերական արտադրանքին ծաւալը այս տարուան Յունուար-Մարտին նախորդ տարուան նոյն ժամանակահատուածին համեմատ աւելցած է 3,6 տոկոսով: Իսկ գիւղատնտեսական համախառն արտադրանքի ծաւալը տարուան առաջին 3 ամսուան մէջ աւելցած է 1,4 տոկոսով:

Շինարարութեան ծաւալը 2023-ի 3 ամիսներուն նախորդ տարուան նոյն ժամանակին համեմատ աւելցած է 15,6 տոկոսով:

Առեւտուրի շրջանառութեաան մէջ Յունուար-Մարտին 2022-ի Յունուար-Մարտի նկատմամբ  յաւելումը կազմած է 21 տոկոս: Նոյն ժամանակահատուածին մատուցուած ծառայութիւններուն ծաւալը աւելցած է 22,9 տոկոսով:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment