Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ 30 Տարի Անց. «Զուարթնոց» Օդակայան-«Սիւնիք» Օդակայան Մարդատար Օդանաւի Պատմական Թռիչք

30 Տարի Անց. «Զուարթնոց» Օդակայան-«Սիւնիք» Օդակայան Մարդատար Օդանաւի Պատմական Թռիչք

by MassisPost

Քաղաքացիական Օդագնացութեան Կոմիտէէն յայտնած են, որ Ապրիլ 26-ին, Կապանի «Սիւնիք» օդակայանին մէջ, Երեւանի ժամանակով 10:58-ին, բարեյաջող վայրէջք կատարած է «L-410–UVP E20» չեխական արտադրութեան մարդատար օդանաւը, որ նախատեսուած է 19 ուղեւորի համար: Այն արձանագրուած է Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ:

Թռիչքը կը կրէր փորձնական բնոյթ:

Օդանաւը «Զուարթնոց» միջազգային օդակայանէն օդ բարձրացած է ժամը 10:10-ին:

Կապանի օդակայանը վերանորոգուած է միջազգային չափանիշերուն համաձայն եւ Քաղաքացիական Օդագնացութեան Կոմիտէին կողմէ վկայագիր ստացած է 2020 թուականին:

Այս թռիչքը յիրաւի պատմական էր, քանի որ 90-ականներէն Կապանի օդակայանին մէջ թռիչքներ չեն իրականացուած` բացառութեամբ 2017 թուականին մէկ մասնաւոր թռիչքի:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment