Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Պաքուն Երեւանի Առջեւ Շարք Մը Պայմաններ Կը Դնէ, Ընդ Որում` Գիւղերու Վերադարձ

Պաքուն Երեւանի Առջեւ Շարք Մը Պայմաններ Կը Դնէ, Ընդ Որում` Գիւղերու Վերադարձ

by MassisPost

Երեւանը «պէտք է ութ պահանջ կատարէ Ատրպէյճանի հետ յարաբերութիւնները բնականոնացնելու համար, այդ շարքին` վերադարձնէ սահմանամերձ ութ գիւղեր», ելոյթ ունենալով ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան Խորհուրդի բաց քննարկման` ըսած է ՄԱԿ-ի մէջ Ատրպէյճանի մշտական ներկայացուցիչ Եաշար Ալիեւը:

«Հայաստանը պէտք է կատարէ իր միջազգային պարտաւորութիւնները, ամբողջովին դուրս բերէ իր զինուած կազմաւորումները Ատրպէյճանի տարածքէն, վերադարձնէ Ատրպէյճանի սահմանամերձ տակաւին բռնագրաւուած ութ գիւղերը, դադրեցնէ ու ձեռնպահ մնայ տարածքային պահանջներէն, անօրինական գործունէութենէն ու ապատեղեկատուութենէն, դադրեցնէ ականային ահաբեկչութիւնը, լոյս սփռէ քանի մը հազար ատրպէյճանցիներու ճակատագրին վրայ, որոնք անհետացած են հակամարտութեան ընթացքին, փոխհատուցէ Ատրպէյճանին պատճառած վնասները եւ բարեխճօրէն բանակցութիւններ վարէ խաղաղութեան պայմանագրի եւ երկու պետութիւններուն միջեւ սահմաններու սահմանազատման համար», թուարկած է Եաշար Ալիեւը:

Ինչ կը վերաբերի Լաչինի ճանապարհի սկզբնամասին անցակէտ տեղադրելուն, ան ըսած է, որ այդ «Ատրպէյճանի ինքնիշխան տարածքն է», եւ որ «անցակէտի տեղադրումը հիմնուած է պետութիւններու տարածքային ինքնիշխանութեան եւ ամբողջականութեան հիմնարար սկզբունքներու, անվիճարկելի իրաւունքի, արտօնեալ եւ բացառիկ իրաւասութեան եւ պարտականութեան վրայ` ապահովելու իր սահմաններուն անվտանգութիւնն ու պաշտպանութիւնը»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment