Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Գագիկ Ծառուկեանին Մեղադրանք Առաջադրուած Է Ընտրակաշառք Տալու Յօդուածով․ Գործը Ուղարկուած Է Դատարան

Գագիկ Ծառուկեանին Մեղադրանք Առաջադրուած Է Ընտրակաշառք Տալու Յօդուածով․ Գործը Ուղարկուած Է Դատարան

by MassisPost

«Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութեան նախագահ Գագիկ Ծառուկեանին առնչուող, 2020 թուականին յարուցուած քրէական գործը, որով Ծառուկեանը կը մեղադրուի ընտրակաշառք տալու մէջ, ուղարկուած է դատարան: Այս մասին յայտնած է ՀՀ Գլխաւոր Դատախազութիւնը:

Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութեան մէջ քննուած քրէական գործով հիմնաւորուած է, որ Գագիկ Ծառուկեանը եւ «Մուլթի Կրուփ»ի տնօրէն Սեդրակ Առուստամեանը կաշառք տուած են ընտրողներուն ՀՀ Ազգային Ժողովի 2017 թուականի ընտրութիւններուն իրենց դաշինքին եւ դաշինքի թեկնածուին օգտին քուէարկելու համար:

Գագիկ Ծառուկեանին եւ Սեդրակ Առուստամեանին մեղադրանք առաջադրուած է ընտրողներուն կաշառք տալու յօդուածով:

2023 թուականի Ապրիլ 21-ին հսկող դատախազին կողմէ հաստատուած մեղադրական եզրակացութիւնը վարոյթի նիւթերուն հետ յանձնուած է Հակափտածութեան դատարան:

Քրէական գործը յարուցուած էր 2020 թուականի Յունիսին: Այդ ժամանակ Գագիկ Ծառուկեանը ԱԺ պատգամաւոր էր, Ծառուկեանին անձեռնմխելիութենէ զրկելու եւ անոր նկատմամբ քրէական հետապնդում սկսելու համար Գլխաւոր դատախազ Արթուր Դաւթեանը միջնորդութիւն ներկայացուցած էր Ազգային Ժողով: Դատախազին միջնորդութիւնները բաւարարուած էին: 2020 թուականի Սեպտեմբերին Գագիկ Ծառուկեանը կալանաւորուած էր: Նոյն տարուան Հոկտեմբեր 22-ին դատարանը որոշում կայացուցած էր Գագիկ Ծառուկեանը ազատ արձակել 100 միլիոն դրամ գրաւի դիմաց: Ծառուկեանը չէր ընդունած իրեն առաջադրուած մեղադրանքը եւ յայտնած էր, որ ինքը քաղաքական հետապնդման կ՛ենթարկուի:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment