Home ԻՐԱՒՈՒՆՔ Դաւիթ Տօնոյեանը Կ’առաջարկէ Իր Եւ Նիկոլ Փաշինեանի Մասնակցութեամբ Բաց Նիստ Հրաւիրել

Դաւիթ Տօնոյեանը Կ’առաջարկէ Իր Եւ Նիկոլ Փաշինեանի Մասնակցութեամբ Բաց Նիստ Հրաւիրել

by MassisPost

44-օրեայ պատերազմէն մէկ տարի անց, կալանաւորուած պաշտպանութեան նախկին նախարար Դաւիթ Տօնոյեանը պատրաստ է պատասխանելու պատերազմի հանգամանքները ուսումնասիրող Քննիչ Յանձնաժողովի հարցումներուն: Սակայն, պայմանով, եթէ վարչապետ Փաշինեանն ալ մասնակցի, ու նիստը բաց ըլլայ: Ան այդ մասին այսօր յայտարարած է կալանավայրէն:

«Անկախ փորձագէտների եւ ԱԺ ընդդիմադիր խմբակցութիւնների ներկայացուցիչների բացակայութիւնը Քննիչ Յանձնաժողովի նիստերին ոչ միայն հարցեր է առաջացնում վերջինիս աշխատանքի անկողմնակալութեան վերաբերեալ, այլեւ պարարտ հող է հանդիսանում քաղաքական շահարկումների, զրպարտանքների ու բամբասանքների շարունակութեան համար», յայտնած է Դաւիթ Տօնոյեանը:

Քննիչ Յանձնաժողովի նախագահ Անդրանիկ Քոչարեանը պատրաստ է քննարկելու նիստը բաց կայացնելու եւ վարչապետին հրաւիրելու առաջարկը. «Չկասկածէք, որ առաջարկը կը քննարկուի, եւ եթէ հնարաւոր լինի, կը տանք լուծումներ»:

Ան, սակայն, անկողմնակալութեան հետ կապուած խնդիր չի տեսներ:

«Կարող եմ չհամաձայնել Տօնոյեանի հետ, եթէ ինքը ցանկանում է յանձնաժողով գալ, այստեղ կողմնակալութեան խնդիրը չէ: Կողմնակալութեան խնդիրը կը լուծուի, երբ որ մասնակիցները հարցեր կը հնչեցնեն, եթէ անհրաժեշտ է, այդ հարցերը հասանելի կը լինեն բոլորին», նշեց Անդրանիկ Քոչարեանը:

Դաւիթ Տօնոյեանին Նիկոլ Փաշինեանը նշանակած էր պաշտպանութեան նախարար: Պաշտօնավարած է մինչեւ 44-օրեայ պատերազմի աւարտը, ազատազրկուած է բանակին ոչ-պիտանի հրթիռներ մատակարարելու գործով: Տօնոյեանին հրաւիրելով ինչպէ՞ս կը պատկերացնեն անոր մասնակցութիւնը, Ազգային Ժողո՞վ պիտի գայ, թէ՞ Յանձնաժողովը քրէակատարողական հիմնարկ պիտի տեղափոխուի, այս հարցին պատասխանը Քոչարեանը դեռ չունի. «Մեր Յանձնաժողովի անդամ Վիլէն Գաբրիէլեանը երկու անգամ այցելել է պարոն Տօնոյեանին` նաեւ հաշուի առնելով պարոն Տօնոյեանի եւ Վիլէն Գաբրիէլեանի ընկերական եւ բարեկամական կապերը, եւ մենք քննարկման փուլ անցնում ենք: Նաեւ գուցէ այդ փուլի արդիւնքում է, որ պարոն Տօնոյեանն արձագանգել է եւ պայմաններ է առաջարկել, եւ պայմանների մասին մենք անպայման զրոյց կ’ունենանք»:

Խորհրդարանական յանձնաժողովը ստեղծուեցւ պատերազմէն մօտ մէկուկէս տարի անց: Քննութիւնը կ’իրականացնեն միայն իշխանական պատգամաւորները: Ընդդիմութիւնը սկիզբէն պոյքոթեց նիստերը: Մինչ այսօր խորհրդարան եկած են շարք մը նախկին ու ներկայ պաշտօնեաներ: Վարչապետ Փաշինեանն ալ պատրաստ է Յանձնաժողովի հարցումներուն պատասխանելու: Ան ալ կը նախընտրէ, որ իր հետ հարցուպատասխանը ըլլայ հրապարակային:

Ընդդիմութիւնը, սակայն, կը պատրաստուի ետ քայլ ընելու եւ միանալու Յանձնաժողովին: Փաշինեանի մասնակցութիւնը քարոզչական ու իրաւապահներուն ուղղորդելու նպատակով է, համոզուած Է «Պատիւ Ունեմ» խմբակցութեան պատգամաւոր Տիգրան Աբրահամեանը, որ այս Յանձնաժողովի անդամ էր, բայց կը պոյքոթէ նիստերը:

«Նիկոլ Փաշինեանն առաւել եւս, որովհետեւ Նիկոլ Փաշինեանի ելոյթները ցոյց են տալիս, որ դրանցում իրականութիւն գրեթէ չկայ, եղածը մանիփուլացւում է, եւ փորձ է արւում պարզապէս հանրութեանը մոլորեցնել», շեշտեց Աբրահամեանը:

Մինչ այս պահը Յանձնաժողովի հարցումներուն պատասխանած են պատերազմի օրերուն Զինուած Ուժերու գլխաւոր շտաբի պետ Օնիկ Գասպարեանը, շտաբի ներկայ ղեկավարը, արտաքին գործերու նախարար Զոհրապ Մնացականեանը: Գասպարեանի տեղակալ Տիրան Խաչատրեանը հրապարակայնօրէն հրաժարած է մասնակցելէ: Անդրանիկ Քոչարեանի հրաւէրը մերժած է արտաքին գործերու նախկին նախարար Վարդան Օսկանեանը, որ 44-օրեայ պատերազմին ժամանակ իշխանութեան մաս չէ եղած: Օսկանեանը հիմնաւորած էր, թէ համոզուած չէ, որ Յանձնաժողովը կրնայ արդար եւ առարկայական եզրայանգման գալ:

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment