Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Անոնք Նաեւ Մեր Զոհերն Են, Որովհետեւ Խօսքը Կը Վերաբերի Ամբողջ Մարդկութեան Ողբերգութեան. Պրունօ Ռեթայօ

Անոնք Նաեւ Մեր Զոհերն Են, Որովհետեւ Խօսքը Կը Վերաբերի Ամբողջ Մարդկութեան Ողբերգութեան. Պրունօ Ռեթայօ

by MassisPost

Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ընդունած է Ֆրանսայի Ծերակոյտին մէջ մեծամասնութիւն կազմող «Հանրապետականներ» խմբակցութեան նախագահ, Ծերակոյտին մէջ Լեռնային Ղարաբաղի հարցով խումբի հիմնադիր եւ նախագահ, Արեւելքի քրիստոնեաներու հարցով կապի խումբի նախագահ Պրունօ Ռեթայոյի գլխաւորած պատուիրակութիւնը:

Վարչապետը ողջունած է Ծերակոյտի պատուիրակութեան այցը Հայաստան եւ բարձր  գնահատած է Ֆրանսայի աջակցութիւնը Հայաստասնին այս բարդ ժամանակաշրջանին: Կառավարութեան ղեկավարը առանձին շնորհակալութիւն յայտնած է Ծերակոյտին` Հայաստանին ու ԼՂ-ին վերաբերող կարեւոր բանաձեւեր ընդունելու համար:

«Այս անգամ դուք այստեղ էք գտնւում Հայոց Ցեղասպանութեան տարելիցի օրը` կարեւոր եւ խորհրդանշական օր մեզ համար: Ինչպէս իմ այսօրուայ ուղերձում եմ նշել` սա անցեալի, ներկայի եւ ապագայի մասին խորհելու ամենապատեհ պահն է», ըսած է վարչապետը:

Պրունօ Ռեթայօն իր հերթին նշած է.

«Այսօր` Ապրիլ 24-ին, մենք հայ ժողովուրդի կողքին ենք եւ ձեզի հետ միասին յարգանքի տուրք կը մատուցենք անմեղ զոհերու յիշատակին: Անոնք նաեւ մեր զոհերն են, որովհետեւ խօսքը կը վերաբերի ամբողջ մարդկութեան ողբերգութեան»:

Ռեթայօն եւս մէկ անգամ յայտնած է Ֆրանսայի աջակցութիւնն ու զօրակցութիւնը Հայաստանին` առկայ խնդիրներու լուծման ու մարտահրաւէրներու յաղթահարման գործին մէջ:

Զրուցակիցները անդրադարձած են Լաչինի միջանցքի ապօրինի շրջափակման հետեւանքով Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ստեղծուած մարդասիրական ճգնաժամին, Ատրպէյճանի կողմէ 2020 թուականի Նոյեմբեր 9-ի յայտարարութեան կոպիտ խախտմամբ Լաչինի միջանցքին ապօրինի անցակէտի տեղադրման, Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման վերաբերող հարցերու:

Տարածաշրջանին մէջ անվտանգութեան եւ կայունութեան ապահովման առումով կարեւորուած է Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան դիտորդական առաքելութեան արդիւնաւէտ գործունէութիւնը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment