Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ ՀՀ Կառավարութիւնը Կը Նախատեսէ Իգական Սեռի Քաղաքացիներու Համար Ստեղծել Կամաւոր Հիմունքներով Պարտադիր Զինուորական Ծառայութիւն Անցնելու Հնարաւորութիւն

ՀՀ Կառավարութիւնը Կը Նախատեսէ Իգական Սեռի Քաղաքացիներու Համար Ստեղծել Կամաւոր Հիմունքներով Պարտադիր Զինուորական Ծառայութիւն Անցնելու Հնարաւորութիւն

by MassisPost

ՀՀ կառավարութեան հերթական նիստին հաւանութիւն տրուած է ««Զինուորական ծառայութեան եւ զինծառայողի կարգավիճակի մասին» օրէնքին մէջ լրացումներ եւ փոփոխութիւն կատարելու մասին» եւ ««Պաշտպանութեան մասին» օրէնքին մէջ լրացումներ կատարելու մասին» օրէնքներու նախագիծերուն:

Օրէնքներու նախագիծերու փաթեթի ընդունման անհրաժեշտութիւնը պայմանաւորուած է ՀՀ կառավարութեան 2021-2026թթ. ծրագրին համապատասխան իգական սեռի քաղաքացիներու կողմէ կամաւոր հիմունքներով պարտադիր զինուորական ծառայութիւն անցնելու հնարաւորութեան ստեղծման անհրաժեշտութեամբ: Նախագիծերու փաթեթին համաձայն կը սահմանուին կամաւոր հիմունքներով պարտադիր զինուորական ծառայութիւն անցնելու ցանկութիւն յայտնած իգական սեռի քաղաքացիներու կողմէ այդ նպատակով դիմելու, անոնց զինուորական հաշուառման, զօրակոչի, ծառայութեան վայր նշանակման, ծառայութեան աւատէն յետոյ պատուովճարի հաշուարկման հետ կապուած յարաբերութիւնները: Մասնաւորապէս, նպատակայարմար է գտնուիլ անոնց պարտադիր զինուորական ծառայութեան ժամկէտը սահմանել 6 ամիս: Յստակացուին անոնց կողմէ կամաւոր հիմունքներով պարտադիր զինուորական ծառայութիւն անցնելու դիմումներու ներկայացման ժամկէտերը` այն տրամաբանութեամբ, որպէսզի հնարաւոր ըլլայ պատշաճ կարգով եւ ժամկէտերու մէջ իրականացնել անոնց զինուորական հաշուառման, ներառեալ` անհրաժեշտ բժշկական հետազօտութիւններու եւ փորձաքննութեան գործընթացը: Կը նախատեսուի սահմանել անոնց զօրակոչի կազմակերպման առանձնայատկութիւնները, ինչպէս նաեւ մինչեւ պարտադիր զինուորական ծառայութեան զօրակոչուիլը իգական սեռի քաղաքացիներու կողմէ պարտադիր զինուորական ծառայութիւն անցնելէ հրաժարելու հնարաւորութիւնը:

Պարտադիր զինուորական ծառայութիւնը անցնելէ յետոյ անոնց համար պիտի սահմանուի պատուովճար` 1 միլիոն դրամ չափով:

Անդրադառնալով օրինագիծին` Նիկոլ Փաշինեանը նշած է. «Մենք այս պահին քննարկում ենք մեր բանակի եւ  երկրի պատմութեան մէջ նոր էջ բացելու մասին հարցը: Ուզում եմ ընդգծել, որ սա արհեստավարժ բանակ ունենալու մեր հայեցակարգի շրջանակում է: Կանայք կամաւոր կերպով կարող են զօրակոչուել եւ պարտադիր վեց ամսեայ ծառայութիւն անցնել, որը բնական ծառայութիւն է լինելու եւ ոչ թէ զբօսանք զօրամասում: Այդ վեց ամսուայ ծառայութեան արդիւնքում կը լինեն ծառայողներ, ովքեր կը զօրացրուեն եւ կը վերադառնան քաղաքացիական կեանքի: Այդ մարդիկ կը համալրեն մեր երկրի զինուած ուժերի պահեստազօրը: Կը լինեն մարդիկ, ովքեր կը ցանկանան անցնել արհեստավարժ ծառայութեան, նրանք էլ կը համալրեն մեր գործող բանակը եւ կ’անցնեն պայմանագրային զինծառայութեան: Խօսքը մարտական զինծառայութեան մասին է: Նաեւ ուզում եմ ասել, որ պէտք է փոխել այն ընկալումը, թէ բանակում կանայք հիմնականում կամ մեծ մասամբ սպասարկող անձնակազմի ներկայացուցիչներ են: Ո՛չ, կանայք պէտք է դառնան լիարժէք զինուորական ծառայութեան մաս: Այսօր էլ մենք ունենք մարտական ստորաբաժանումներ, որտեղ կանայք լիարժէք զինուորական ծառայութիւն են իրականացնում, եւ մեր տրամաբանութիւնն այն է, որ այս հանգամանքը պէտք է ուժեղացնել: «Պաշտպան հայրենեաց» ծրագրի շրջանակներում ենթադրւում է, որ վեց ամսուայ ծրագրով նրանք պիտի պատրաստուեն նաեւ աթեսթաւորման չափանիշերին, եւ այդ չափանիշերն անցնելու պարագայում վճարուեն նոր չափանիշներով, որը մենք հիմա ներդնում ենք»:

Վարչապետի հարցին ի պատասխան, թէ ե՞րբ հնարաւոր պիտի ըլլայ այս ամէնը կեանքի կոչել եւ արդեօք Ազգային Ժողովին մէջ նախնական քննարկումներ եղա՞ծ են, ՀՀ պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեանը նշած է, որ օրէնքը նախ դրուած է հանրային քննարկման, ժամկէտերու սահմանափակում չէ կատարուած` կապուած հարցի նրբութեան ու կարեւորութեան հետ: «Ենթադրում ենք, որ հնարաւորութիւն կ’ունենանք մինչեւ այս նստաշրջանի աւարտն ապահովել օրէնքի ընդունումը, եւ արդէն կիրակումը տեղի կ’ունենայ ձմեռային զօրակոչի ժամանակ», ըսած է Սուրէն Պապիկեանը:

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment