Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Փաշինեան Ընդունած Է ԵԱՀԿ ՄԽ Ամերիկացի Համանախագահ Լուիս Պոնօն

Փաշինեան Ընդունած Է ԵԱՀԿ ՄԽ Ամերիկացի Համանախագահ Լուիս Պոնօն

by MassisPost

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ընդունած է Կովկասեան բանակցութիւններու հարցերով աւագ խորհրդական, ԵԱՀԿ Մինսքի Խումբի ամերիկացի համանախագահ Լուիս Պոնօն:

Վարչապետը կարեւորած է ԱՄՆ վարչակազմի` տարածաշրջանին մէջ կայունութեան եւ անվտանգութեան ապահովման ուղղութեամբ ներդրուող ջանքերը եւ ներկայացուցած է առկայ առանցքային խնդիրներու կարգաւորման հարցով հայկական կողմին մօտեցումները: Նիկոլ Փաշինեան անթոյլատրելի համարած է Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդին ու ՀՀ տարածքային ամբողջականութեան նկատմամբ յարձակողական քաղաքականութիւնն ու ռազմատենչ հռետորաբանութիւնը:

Զրուցակիցները քննարկած են Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան, Ստեփանակերտի եւ Պաքուի միջեւ երկխօսութեան միջազգային մեխանիզմի ձեւաւորման, Ատրպէյճանի կողմէ Լաչինի միջանցքի ապօրինի շրջափակման հետեւանքով ԼՂ-ի մէջ ստեղծուած մարդասիրական ճգնաժամին, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման, տարածաշրջանային ճանապարհային ենթակառուցուածքներու ապաշրջափակման վերաբերող հարցեր:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment