Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հայաստանի, Իրանի Եւ Հնդկաստանի Արտաքին Քաղաքական Գերատեսչութիւններուն Միջեւ Եռակողմ Ձեւաչափով Առաջին Քաղաքական Խորհրդակցութիւնը Տեղի Ունեցած Է

Հայաստանի, Իրանի Եւ Հնդկաստանի Արտաքին Քաղաքական Գերատեսչութիւններուն Միջեւ Եռակողմ Ձեւաչափով Առաջին Քաղաքական Խորհրդակցութիւնը Տեղի Ունեցած Է

by MassisPost

Երեւանի մէջ, Ապրիլ 20-ին, կայացած են Հայաստանի Հանրապետութեան, Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան եւ Հնդկաստանի Հանրապետութեան Արտաքին գործերու նախարարութիւններուն միջեւ եռակողմ ձեւաչափով առաջին քաղաքական խորհրդակցութիւնները: Պատուիրակութիւնները գլխաւորած են Հայաստանի արտաքին գործերու նախարարի տեղակալ Մնացական Սաֆարեանը, Իրանի ԱԳՆ Հարաւային Ասիոյ գլխաւոր վարչութեան պետ Սեյետ Ռասուլ Մուսաուին եւ Հնդկաստանի ԱԳՆ տարածքային գլխաւոր վարչութեան պետ Ճիթենտեր Փալ Սինկհը:

Հանդիպման ընթացքին, մասնաւորապէս, քննարկուած են տնտեսական, տարածաշրջանային հաղորդակցային ուղիներուն առնչուող հարցեր, նախանշուած են մշակութային եւ միջմարդկային կապերու խորացման եւ տարբեր ոլորտներու մէջ եռակողմ համագործակցութեան հեռանկարները: Կողմերը պայմանաւորուած են շարունակել համագործակցութեան միտուած եռակողմ ձեւաչափով խորհրդակցութիւնները:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment