Home ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ Փրոֆէսոր Եաշար Քորա Ելոյթ Կ’ունենայ «ՍԴՀԿ-ն 1908 Թուականի Երիտթուրքական Յեղափոխութենէն Յետոյ» Նիւթին Շուրջ

Փրոֆէսոր Եաշար Քորա Ելոյթ Կ’ունենայ «ՍԴՀԿ-ն 1908 Թուականի Երիտթուրքական Յեղափոխութենէն Յետոյ» Նիւթին Շուրջ

by MassisPost

«Մասիս» հրատարակչականի կազմակերպութեամբ տեղի կ’ունենայ հանրային քննարկում «ՍԴ Հնչակեան Կուսակցութիւնը 1908 թուականի երիտթուրքական յեղափոխութենէն յետոյ. տեսութիւն եւ գործնականացում» խորագրով, որ կը ներկայացուի փրոֆ. Եաշար Թոլգա Քորայի կողմէ Չորեքշաբթի, Ապրիլ 26 2023-ին, ժամը 8-ին, ՀԿԲՄ-ի Փասատինայի կենտրոնէն ներս. հասցէ 1060 N Allen Ave., Pasadena: Դասխօսութեան կը յաջորդէ հարց ու պատասխան:

Եաշար Թոլգա Քորան վերջին շրջանի օսմանեան պատմաբան է, որ կենդրոնացած է հայկական համայնքներու ընկերային եւ մշակութային պատմութեան վրայ: Ան հրապարակած է տարբեր թեմաներ, որոնց շարքին` հայերու աշխատանքային պատմութիւնը, Օսմանեան բանակէն ներս հայ զինուորները եւ հայկական սոցիալիստական հրատարակութիւնները: Անոր ներկայիս հետազօտութիւնը կը վերաբերի  հայերու դերին օսմանեան հիւսուածեղենի ապրանքափոխանակութեան եւ տասնիններորդ դարու վերջերուն անոնց ինքնութեան նշաններու վերածելու գործին:

Քորան իր դոկտորական (PhD) վկայականը ստացած է  2016 թուականին Շիքակոյի Համալսարանէն իր ատենախօսութեամբ` «Փոխակերպելով Էրզրումը/կարինը. Տասնիններորդ դարու բազմազգ օսմանեան քաղաքի սոցիալական եւ տնտեսական պատմութիւնը»:

Շիքակոյի համալսարանը աւարտելէ յետոյ դոկտոր Քորան պաշտօնավարծ է  Միշիկընի Էնն Արպոր համալսարանէն ներս` 2016-2017 թուականներուն: Ներկայիս ան դասախօս է Սթամպուլի Պողազիչի համալսարանի պատմութեան ամպիոնէն ներս:

2022 թուականին դոկտոր Քորան արժանացած է պատմութեան բնագաւառէն ներս երիտասարդ գիտնականի մրցանակին` Թուրքիոյ Գիտութիւններու Ակադեմիային կողմէ: Ներկայիս դոկտոր Քորան TarihVakfi Press-ի գլխաւոր խմբագիրն է եւ Շիքակոյի համալսարանի 2023 թուականի գարնան Դումանեանի անուան հայագիտականի այցելու փրոֆէսորը:

 

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment