Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԵՄ Առաքելութեան Ներկայութիւնը Ատրպէյճանի Սահմանին Մօտ «Անհանգստութիւն Կ’առաջացնէ Պաքուի Մէջ»

ԵՄ Առաքելութեան Ներկայութիւնը Ատրպէյճանի Սահմանին Մօտ «Անհանգստութիւն Կ’առաջացնէ Պաքուի Մէջ»

by MassisPost

Եւրոմիութեան մէջ Ատրպէյճանի ներկայացուցչութեան ղեկավար, Պելճիքայի եւ Լիւքսեմպուրկի մէջ դեսպան Վակիֆ Սատիկովը յայտնած է, թէ ԵՄ առաքելութեան ներկայութիւնը Ատրպէյճանի սահմանին մօտ անհանգստութիւն կ’առաջացնէ Պաքուի մէջ:

«Սա երկկողմանի խնդիր է Հայաստանի եւ Եւրոմիութեան միջեւ, բայց այդ տեղի կ’ունենայ մեր սահմանային յենակէտերէն քանի մը հարիւր մեթր հեռաւորութեան վրայ եւ խիստ ռազմականացուած գօտիի մէջ, ուր մենք ունինք ռուս սահմանապահներ, հայ սահմանապահներ, ռուսական կանոնաւոր ստորաբաժանումներ, հայկական կանոնաւոր ստորաբաժանումներ եւ Իրանի սահմանին աւելի մօտ` իրանեան զինուժը: Այժմ մենք ունինք նաեւ ԵՄ առաքելութիւնը: Այսպիսով, մենք ունինք անվտանգութեան օրինական հարցեր», ըսած է Սատիկովը «Politico»-ին տուած հարցազրոյցին մէջ:

Անոր խօսքով` այս առաքելութիւնը կարելի է դիտարկել որպէս Հարաւային Կովկասի տարածաշրջանին մէջ իր ներկայութիւնը ամրապնդելու Պրիւքսէլի փորձ:

Իր հերթին, ԵՄ դիւանագիտական ծառայութեան բարձրաստիճան ներկայացուցիչը, անանուն մնալու պայմանով, «Politico»-ին ըսած է, որ Պաքուի հետ յարաբերութիւններուն մէջ ԵՄ-ն «այլ սենարի յոյս ունէր», նշելով որ Պրիւքսէլը Ատրպէյճանի հետ կը կիսուի տեղեկատուութեամբ` Հայաստանի մէջ սահմանին պարեկութեան մասին:

«Մենք Ատրպէյճանի հետ կը կիսենք բոլոր համապատասխան տեղեկութիւնները պարեկութեան եւ այլնի մասին, քանի որ չենք ուզեր որեւէ խնդիր», յայտնած է եւրոպացի պաշտօնեան:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment