Home ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ Յովնան Արք. Տէրտէրեանի Զատկական Պատգամը

Յովնան Արք. Տէրտէրեանի Զատկական Պատգամը

by MassisPost
Քրիստոս Յարեաւ Ի Մեռելոց

Աւետիսն է նոր կեանքի, որ անգամ մ’եւս կը յայտարարէ ս. եկեղեցին, եւ անտարակոյս բոլորիս հոգիները կը լեցուին անպարագրելի ուրախութեամբ։ Բառերը բաւական չեն բացա-տրելու Քրիստոսի Յարութեան խորհուրդը, զորս կ’ապրինք խոր հաւատքով, քանզի մեր առջեւ կը բացուի նոր կեանքի արշալոյսը։ Մեծ Պահքի հոգեւոր ճանապարհորդութեան ոսկի կիրակիներու առաջնորդութեամբ կը դիմաւորենք Ս. Յարութեան տօնը, եւ այս տօնը մեզ կը մօտեցնէ Աստուծոյ, որու ներկայութիւնը կը դառնայ մեր ներքին էութեան հայելին, որպէսզի սրբուած մեղքի ծանրութենէն՝ որդեգրենք նոր կեանքը՝ այն ապրելու Քրիստոսի նմանակցութեամբ։

Այս է ճշմարիտ խորհուրդը Քրիստոսի հրաշալի Յարութեան, որուն հաղորդակցութեամբ մեզի շնորհուած ու վստահուած կեանքը պարտ ենք հրաշագործել։

Քրիստոսի Յարութեան խորհուրդը հրաւէրն է աղօթքի կեանքին, որպէսզի աղօթքի զօրութեամբ  բարձրանանք առ Աստ-ուած եւ դէպի մարդկութիւն ուղեգծուած կեանքը դարձնենք լոյսի ու խաղաղութեան ճանապար եւ ներողամտութեան ոգով ներշնչուած միմեանց հետ ստեղծենք նոր եկեղեցին՝ հաւատքով, յոյսով ու սիրով շաղախուած։

Հաւատքով ապրինք կեանքը, յոյսը՝ մեր սրտերուն մէջ, եւ սէրը մարմնաւորենք մեր խօսքերով ու գործերով։ Ի՞նչ է կեանքը, երբ պարպուած է քրիստոնէական առաքինութենէն, եթէ ոչ պարա-պութիւն մը, որ կը խոնարհի նիւթին ընդառաջ։ Նիւթը՝ ժամանցելի է եւ կորստական, բայց քրիստոնէական արժէքներով ապրուած կեանքը կ’արտացոլէ աստուածայինը։ Նայեցէ՛ք աշխարհի երեսին ապրող մարդկութեան, թէ ինչպէս խաւարի մէջ է, երբ իր մէջ յանգած է Աստուծոյ սէրը եւ խեղդուած է խորհուրդը՝ Քրիստոսի Յարութեան։ Բայց երբ աղօթքն է մեզ առաջնորդող զօրութիւնը, ապա մեր հոգիներուն մէջ անթեղուած աստուա-ծայինը իր զարթօնքը կ’ապրի։ Չի բաւեր, սակայն, առանձնակի աղօթքը, որն անկասկած իւրաքանչիւրիս հոգին, միտքն ու սիրտը կը լուսաւորէ։ Պարտ ենք միասին աղօթել։ Եկեղեցին՝ հաւա-տացելոց համախումբ ներկայութիւնը, իր աղօթքին մէջ պիտի տեսնէ Քրիստոսի Յարութիւնը, միասնաբա՛ր պիտի կերտենք նոր կեանքը։

Պարտ ենք պատասխանել ժամանակի հրամայականին եւ ազգովին ապրելու Յարութեան խորհուրդը։ Գուցէ երբեմն ժամա-նակի մէջ մեր հոգին կը ծանրանայ փորձութեանց տակ, ըլլայ մեր անհատական թէ ազգային կեանքին մէջ, ըլլայ այն հայրենիքէն ներս թէ արտաշխարհի մեր գաղութներու մէջ։ Ուրեմն դարմանը ունինք ձերբազատուելու տկարութենէն եւ մեր հոգու հայեացքն ուղղելու մեր նախնեաց կեանքին, ուր Աստուծոյ սէրը մշտապէս ճառագայթեց։ Եւ այս ամէնը կը սկսի մեր ընտանիքներէն ներս, երբ ծնողներ զաւակներով հանդերձ կը քայլենք Աստուծոյ գծած ճանապարհէն։ Ինչքան մարտահրաւէր մեր կեանքի մէջ, այնքան աւելիով պիտի դառնանք աղօթող, որպէսզի բացուին մեր ներքին աչքերը եւ խաւարէն դուրս բերենք կեանքը՝ այն ապրելու հաւատքով, յոյսով ու սիրով։ Եւ ամէն անգամ, երբ խաչակնքենք, հաւատացէ՛ք, որ անպայման այնքան աւելի խորքով պիտի ըմբռնենք Յարութեան խորհուրդը։ Քրիստոսի Յարութեան խորհուրդը՝ անտեսանելի ոսկէ կամուրջն է Աստուած ու մարդ ճշմարտութեանց մէջ։

Քրիստոս յարեաւ ի մեռելոց։

Օրհնեալ է Յարութիւնը Քրիստոսի։

Արտասանենք այս բարի աւետիսը անընդհատ, եւ պիտի բոլորով զգանք, որ նոր կեանքը կը ծնի մեր մէջ։ Ինչքան դէպի երկինք բարձրացնենք մեր հոգու հայեացքը, այնքան եւս մեր վրայէն պիտի թօթափենք հին մարդը եւ դառնանք ճշմարիտ որդեգիրները Քրիստոսի եկեղեցւոյ։

Այսօր կը յայտարարենք քաջ հաւատքով, որ Յարութեան զաւակներ ենք։ Նայի՛նք անցեալ պատմութեան Յարութեան խորհուրդի պրիսմակին ընդմէջէն, եւ այն ժամանակ պիտի ըմբռնենք, որ նախնեաց հաւատքն է եղած քրիստոնէութիւնը։ Քրիստոնէութիւնը փիլիսոփայութիւն չէ, այլեւ կեանք է ի Քրիստոս։

Մեր աղօթքն է ու մաղթանքը առ Աստուած, որ կեանքն ապրինք Յարութեան խորհրդով, որպէսզի պարտութեան մատ-նենք մահը, եւ Յարութիւնը դարձնենք խորհուրդը մեր ապրած կեանքին։

ՔՐԻՍՏՈՍ ՅԱՐԵԱՒ Ի ՄԵՌԵԼՈՑ,

ՕՐՀՆԵԱԼ Է ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ՔՐԻՍՏՈՍԻ։

ՅՈՎՆԱՆ ԱՐՔ. ՏԷՐՏԷՐԵԱՆ
Առաջնորդ Հիւսիսային Ամերիկայի
Արեւմտեան Թեմի եւ Մեքսիկայի

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment