Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Դատախազութիւնը` Մհեր Սահակեանի Նկատմամբ Հանրային Քրէական Հետապնդում Յարուցելու Մասին

Դատախազութիւնը` Մհեր Սահակեանի Նկատմամբ Հանրային Քրէական Հետապնդում Յարուցելու Մասին

by MassisPost

Հայաստանի Հանրապետութեան գլխաւոր դատախազ Աննա Վարդապետեանը, համաձայն «Ազգային Ժողովի Կանոնակարգ» սահմանադրական օրէնքի 108-րդ յօդուածի առաջին կէտին, 2023 թուականի Ապրիլ 10-ին ՀՀ Ազգային Ժողովի նախագահ Ալէն Սիմոնեանին ներկայացուցած է ԱԺ պատգամաւոր Մ.Ս.-ի նկատմամբ հանրային քրէական հետապնդում յարուցելուն համաձայնութիւն տալու մասին միջնորդագիր:

Ըստ նոյն կէտի պահանջի` միջնորդագրին կցուած է նաեւ պատգամաւորին նկատմամբ հանրային քրէական հետապնդում յարուցելուն համաձայնութիւն տալու մասին Ազգային Ժողովի որոշման նախագիծը:

Քրէական վարոյթով ձեռք բերուած փաստական տուեալներու համաձայն` ՀՀ Ազգային Ժողովի ութերորդ գումարման պատգամաւոր Մ.Ս.-ն, ԱԺ վարչական 2-րդ մասնաշէնքի թիւ 314 քննարկումներու դահլիճին մէջ 2023 թուականի Մարտ 31-ին սկսած փակ աշխատանքային քննարկման ժամանակ` ժամը 11:15-ի սահմաններուն, խուլիկանական դրդումներով, ցուցադրաբար հակադրուած է Ազգային Ժողովի պետական-իրաւական հարցերու մշտական յանձնաժողովի (այսուհետեւ` Յանձնաժողով) նախագահ Վ.Վ.-ին, դրսեւորած է յարձակողական վարքագիծ: Մասնաւորապէս` Մ.Ս.-ն ձեռքով հարուածած է սեղանին, ոտքի կանգնած, բղաւելով դիտողութիւն ըրած է Յանձնաժողովի նախագահին, փակ քննարկման բնականոն աշխատանքը խոչընդոտելու դիտաւորութեամբ շրջանցած է իր եւ Վ.Վ.-ի միջեւ նստած պատգամաւոր Ա.Ղ.-ին, մօտեցած է Յանձնաժողովի նախագահին եւ աջ ձեռքով դիտաւորութեամբ հարուածած է անոր դէմքի ձախ քունքային շրջանին: Հարուածին հետեւանքով Յանձնաժողովի նախագահի առողջութեան պատճառուած է թեթեւ վնաս` առողջութեան կարճատեւ քայքայումով` ձախ վերյօնքային շրջանի պատռուած վէրքի, ձախ վերյօնքային, քիթի մէջքի քերծուածքներու, ձախ վերին եւ ստորին կոպերու արիւնազեղումներու ձեւով:

Երեւան քաղաքի Դատախազութեան մէջ քրէական վարոյթի նիւթերու ուսումնասիրութեամբ պարզուած է, որ կատարուած քննութեամբ ձեռք բերուած են փաստական տուեալներ, որոնք հիմք կու տան ՀՀ Ազգային Ժողովի ութերորդ գումարման պատգամաւոր Մ.Ս.-ի նկատմամբ յարուցել հանրային քրէական հետապնդում` ՀՀ քրէական օրէնսգիրքի 297-րդ յօդուածի առաջին մասով  (խուլիկանութիւնը) եւ 171-րդ յօդուածի 2-րդ մասի 7-րդ կէտով (խուլիկանական դրդումներով առողջութեան թեթեւ վնաս պատճառելը):

ՀՀ Սահմանադրութեան 96-րդ յօդուածին համաձայն` պատգամաւորին նկատմամբ քրէական հետապնդում կրնայ յարուցուիլ միայն Ազգային Ժողովին համաձայնութեամբ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment