Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Կարօ Փայլանը Այլեւս Ներառուած Չէ Պատգամաւորի Թեկնածուներու Ընտրացուցակին Մէջ

Կարօ Փայլանը Այլեւս Ներառուած Չէ Պատգամաւորի Թեկնածուներու Ընտրացուցակին Մէջ

by MassisPost

Թուրքիոյ խորհրդարանի միակ հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլանը յայտնած է, որ Մայիս 14-ին կայանալիք խորհրդարանական ընտրութիւններուն իր թեկնածութիւնը պիտի չառաջադրվ:

Քրտամէտ ընդդիմադիր Ժողովուրդներու Դեմոկրատական  Կուսակցութեան (ԺԴԿ-HDP) անդամ Փայլանը տեղեկացուցած է, որ կուսակցութեան ընտրացուցակին մէջ իր չընդգրկուիլը պայմանաւորուած է երկու ժամկէտի կանոնով: Այսինքն այն անձերը, որոնք 2 անգամ ստանձնած են պատգամաւորական մանտաթ, երրորդ անգամ պիտի չառաջադրուին:

«Ես իմ կուսակցութեան կողմէ որպէս թեկնածու պիիտ չառաջադրուիմ: Յաջողութիւն մեր բոլոր թեկնածուներուն: Յաղթանակ (քրտերէն)»:

Նշենք, որ Թուրքիոյ քաղաքական կուսակցութիւնները Ապրիլ 9-ին  Բարձագոյն Ընտրական Խորհուրդ ներկայացուցած են թեկանծուներու ցուցակները:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment