Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ ԱԺ Յանձնաժողովը ՄԻՊ Պաշտօնին Հաւանութիւն Տուաւ Անահիտ Մանասեանի Թեկնածութեան

ԱԺ Յանձնաժողովը ՄԻՊ Պաշտօնին Հաւանութիւն Տուաւ Անահիտ Մանասեանի Թեկնածութեան

by MassisPost

ՀՀ Ազգային Ժողովի մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան եւ հանրային հարցերու մշտական յանձնաժողովը մարդու իրաւունքներու պաշտպանի պաշտօնին հաւանութիւն տուաւ «Քաղաքացիական Պայմանագիր» խմբակցութեան ներկայացուցած թեկնածու Անահիտ Մանասեանի թեկնածութեան, որ այս պահուն կը զբաղեցնէ ՀՀ գլխաւոր դատախազի տեղակալի պաշտօնը:

Մանասեանի թեկնածութեան կողմ քուէարկեց 4 պատգամաւոր, իսկ ընդդիմադիր «Հայաստան» եւ «Պատիւ Ունեմ» խմբակցութիւններուն կողմէ միասնական ներկայացուած թեկնածու Էտկար Ղազարեանի թեկնածութեան` 1 պատգամաւոր:

Մանասեանի թեկնածութիւնը պիտի քննարկուի ԱԺ լիագումար նիստին:

Էտկար Ղազարեանի թեկնածութեան քննարկումը յանձնաժողովին մէջ անցաւ թէժ մթնոլորտի մէջ. թեկնածուն, յանձնաժողովի նախագահ, «Պատիւ Ունեմ» խմբակցութան անդամ Թագուհի Թովմասեանն ու իշխանական պատգամաւորները վիճեցին: Յանձնաժողովի նիստին երկու թեկնածուներու թեկնածութեան քննարկման ժամանակ ալ ընդդիմադիր պատգամաւորներէն ներկայ էր միայն Թագուհի Թովմասեանը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment