Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հեռախօսազրոյց ունեցած է Եւրոպական Խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշէլի հետ:
Զրուցակիցները քննարկած են Ատրպէյճանի կողմէ Լաչինի միջանցքի ապօրինի արգելափակման հետեւանքով շարունակուող ճգնաժամին առնչուող հարցեր: Միտքեր փոխանակուած են վերջին զարգացումներուն, Հայաստան-Ատրպէյճան բանակցային գործընթացին, խաղաղութեան օրակարգին շուրջ:
Կողմերը կարեւորած են տարածաշրջանին մէջ կայունութեան ու խաղաղութեան ապահովման ուղղութեամբ հետեւողական ջանքերը: