Home ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ Ատրպէյճանի Կառավարութիւնը Եզրակացութիւններ Չ’ըներ Հաշուետուութիւններէն. ԱՄՆ Պետական Քարտուղարութիւն

Ատրպէյճանի Կառավարութիւնը Եզրակացութիւններ Չ’ըներ Հաշուետուութիւններէն. ԱՄՆ Պետական Քարտուղարութիւն

by MassisPost

ԱՄՆ Պետական Քարտուղարութիւնը հրապարակած է մարդու իրաւունքներու վերաբերեալ իր ամէնամեայ հաշուետուութիւնը: Զեկոյցին` Ատրպէյճանին վերաբերող հատուածին մէջ կը նշուի.

«Ատրպէյճանի մէջ տեղի կ’ունենան ապօրինի, կամայական սպանութիւններ, խոշտանգումներ, այլ դաժան, անմարդկային, արժանապատուութիւնը նուաստացնող գործողութիւններ, անոր հետ կապուած չարաշահումներ, ինչպէս նաեւ բանտերուն մէջ ծանր պայմաններ»:

Պետական Քարտուղարութեան` Մարդու իրաւունքների վերաբերեալ 2022 թուականի հաշուետուութեան մէջ արձանագրուած են անհիմն ձերբակալութիւններ, քաղաքական բանտարկեալներ, քաղաքական դրդապատճառներով բռնաճնշումներ երկրէն դուրս, անկախ դատական համակարգի բացակայութիւն, մարդու կեանքի անձեռնմխելիութեան ապօրինի խախտումներ, խօսքի եւ զանգուածային լրատուամիջոցներու ազատութեան լուրջ սահմանափակումներ եւ այլ խախտումներ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment