Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Ատրպէյճանը «Ղարաբաղի Հայ Համայնքի Ներկայացուցիչները» Կրկին Կը Հրաւիրէ Հանդիպման Պաքուի Մէջ

Ատրպէյճանը «Ղարաբաղի Հայ Համայնքի Ներկայացուցիչները» Կրկին Կը Հրաւիրէ Հանդիպման Պաքուի Մէջ

by MassisPost

Ատրպէյճանի իշխանութիւնները կրկին առաջարկած են «Ղարաբաղի հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն» հետ Պաքուի մէջ հանդիպում կայացնել` Ապրիլի առաջին շաբթուան ընթացքին:

«Ատրպէյճանի նախագահին աշխատակազմը, որպէս շարունակութիւն Մարտ 1-ին Խոճալու {Իւանեան} քաղաքին մէջ կայացած հանդիպման եւ Մարտ 13-ի հրաւէրին, եւս մէկ անգամ կը հրաւիրէ Ղարաբաղի հայ համայնքի ներկայացուցիչները Ապրիլի առաջին շաբթուան ընթացքին Պաքուի մէջ հանդիպում կայացնել` վերահամարկման, ինչպէս նաեւ Ղարաբաղի մէջ ենթակառուցուածքային նախագիծերու իրականացման հարցերը քննարկելու համար», ըսուած է Ատրպէյճանի նախագահի աշխատակազմի հաղորդագրութեան մէջ:

Ստեփանակերտի ու Պաքուի ներկայացուցիչներուն միջեւ երկու հանդիպում տեղի ունեցած է, առաջինը` Փետրուարին, երկրորդը` Մարտի սկիզբը: Մարտ 13-ին Ատրպէյճանի իշխանութիւնները արդէն Արցախի ներկայացուցիչները հրաւիրեցին Պաքու, ինչպէս կը նշուէր հաղորդագրութեան մէջ` «վերահամարկման, ինչպէս նաեւ Ղարաբաղի մէջ ենթակառուցուածքային ծրագիրներու իրականացման հարցը քննարկելու»: Պաշտօնական Ստեփանակերտը մերժեց այս առաջարկն ու նաեւ բացառեց արցախցիներու «վերահամարկումը» Ատրպէյճանի կազմին մէջ:

Անցեալ շաբաթ Արցախի իշխանութիւնները յայտարարեցին, որ պատրաստ են մարդասիրական հարցերու քննարկման համար հերթական անգամ հանդիպելու ատրպէյճանական կողմին հետ, միաժամանակ վերահաստատեցին, որ լիարժէք բանակցութիւնները հնարաւոր են միջազգային ձեւաչափով:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment