Home ԻՐԱՒՈՒՆՔ Freedom House-ը Հրապարակած Է «Ազատութիւնը Աշխարհի Մէջ 2023» Տարեկան Զեկոյցը

Freedom House-ը Հրապարակած Է «Ազատութիւնը Աշխարհի Մէջ 2023» Տարեկան Զեկոյցը

by MassisPost

Freedom House միջազգային  իրաւապաշտպան կազմակերպութիւնը հրապարակած է «Ազատութիւնը աշխարհի մէջ 2023» տարեկան զեկոյցը: Այս զեկոյցին մէջ կը գնահատուի աշխարհի մէջ քաղաքական իրաւունքներու եւ քաղաքացիական ազատութիւններու վիճակը: Ըստ զեկոյցին` Հայաստանի վարկանիշը 2022 թուականին գնահատուած է 54` 100 պալանոց սանդղակով: Նախորդ տարուան զեկոյցին մէջ Հայաստանը հաւաքած էր 55 միաւոր: Այսպիսով, Հայաստանը կը  շարունակէ դասուիլ «մասնակի ազատ» երկիրներու շարքին:

Զեկոյցին մէջ, մասնաւորապէս, կ’ըսուի, որ ատրպէյճանական սեպտեմբերեան յարձակումները Հայաստանի ինքնիշխան տարածքին վրայ զգալի ազդեցութիւն թողած են Հայաստանի ժողովրդավարական յետագիծին վրայ եւ արժանի են յատուկ քննութեան 2023 թուականին.  «ատրպէյճանական ուժերը շարունակած են յարձակումները եւ գրաւած են հայկական տարածքներ  սահմանի երկայնքով` սպառնալով Երեւանի ժողովրդավարական իշխանութեան եւ մեծցնելով լայնամասշտաբ պատերազմի վտանգը»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment