Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ ԱՄՆ Հետախուզական Ծառայութիւնները Նշած Են «Հայաստանի Դէմ Ռազմական Ճնշում Գործադրելու Ատրպէյճանի Պատրաստակամութիւնը»

ԱՄՆ Հետախուզական Ծառայութիւնները Նշած Են «Հայաստանի Դէմ Ռազմական Ճնշում Գործադրելու Ատրպէյճանի Պատրաստակամութիւնը»

by MassisPost

Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւնները «հաւանական է, որ մնան լարուած եւ անկայուն խաղաղութեան պայմանագրի բացակայութեան պարագային», կը կանխատեսեն ԱՄՆ հետախուզական ծառայութիւնները:

ԿՀՎ-ի, ՀԴԲ-ի, Պաշտպանութեան Հետախուզական Գործակալութեան եւ Ազգային Անվտանգութեան Գործակալութեան ղեկավարները Գոնկրէսին ներկայացուցած են իրենց ամէնամեայ Համաշխարհային վտանգներու վերանայումը:

Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ հակամարտութեան վերաբերեալ զեկոյցին հեղինակները կը նշեն միջպետական ​​սահմանին զինուորականներուն առճակատումը, զինադադարի մեխանիզմի բացակայութիւնը եւ «Հայաստանի հետ բանակցութիւններուն մէջ իր նպատակներուն հասնելու համար ռազմական ճնշում գործադրելու Ատրպէյճանի պատրաստակամութիւնը»:

«Սահմանին մօտ զինուած ուժերու առկայութիւնը կը մեծցնէ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ զինուած առճակատման վտանգը, թէեւ նման բախումները, ամենայն հաւանականութեամբ, պիտի ըլլան սահմանափակ տեւողութեամբ եւ ուժգնութեամբ», կ’ըսուի զեկոյցին մէջ:

Ուղերձին մէ’ կը յիշեցուի, որ 2021 թուականի Մայիսէն միջպետական ​​սահմանին եւ Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ պարբերաբար ռազմական բախումներ տեղի կ’ունենան: Աւելի բուռն բռնկումը տեղի ունեցած է 2022 թուականի Սեպտեմբերին, երբ ատրպէյճանական ուժերը համակարգուած յարձակում սկսած են սահմանի երկայնքով քանի մը վայրերու մէջ` գրաւելով հայկական տարածքի մէկ մասը, որուն հետեւանքով զոհուած է գրեթէ 300 զինուոր:

«Խաղաղ բանակցութիւններուն մէջ որոշակի յառաջընթաց արձանագրուած է, սակայն պետական ​​սահմաններուն եւ Լեռնային Ղարաբաղի ապագային հետ կապուած ամենաբարդ հարցերը հեռու են լուծուելէ», կ’ըսուի զեկոյցին մէջ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment