Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ ՀՀ Եւ Եգիպտոսի Արտաքին Գործերու Նախարարները Կարեւորած Են Հարաւային Կովկասի Մէջ Շահագրգիռ Դերակատարներու Կառուցողական Ներգրաւուածութիւնը

ՀՀ Եւ Եգիպտոսի Արտաքին Գործերու Նախարարները Կարեւորած Են Հարաւային Կովկասի Մէջ Շահագրգիռ Դերակատարներու Կառուցողական Ներգրաւուածութիւնը

by MassisPost

Արաբական Լիկայի Խորհուրդի նախարարական նիստին հրաւիրուած ՀՀ արտաքին գործերու նախարար Արարատ Միրզոյեանը Գահիրէի մէջ հանդիպում ունեցած է Եգիպտոսի արտաքին գործերու նախարար Սամեհ Շուքրիի հետ:

Զրուցակիցները գոհունակութիւն յայտնած են Հայաստանի եւ Եգիպտոսի ժողովուրդներու դարաւոր բարեկամութեան վրայ հիմնուած յարաբերութիւններուն, բարձր մակարդակի քաղաքական երկխօսութեան առնչութեամբ: Երկուստեք համոզմունք յայտնուած է, որ Յունուարին Եգիպտոսի նախագահին պատմական այցը Հայաստան նոր խթան պիտի հանդիսանայ երկկողմ համագործակցութեան ընդլայնման համար:

Արարատ Միրզոյեան եւ Սամեհ Շուքրի միտքեր փոխանակած են առեւտրատնտեսական, տեղեկատուական արհեստագիտութիւններու, զբօսաշրջութեան եւ այլ ոլորտներու մէջ երկու երկիրներու փոխգործակցութեան հեռանկարներու շուրջ: Այս առումով կարեւորուած է հայ-եգիպտական միջկառավարական յանձնաժողովի յաջորդ` 6-րդ նիստի կայացումը եւ գործարար կապերու աշխուժացման անհրաժեշտութիւնը:

Հանդիպման ընթացքին անդրադարձ կատարուած է միջազգային ու տարածաշրջանային անվտանգութեան եւ կայունութեան հարցերու:

«Նախարար Միրզոյեանը գործընկերոջն է ներկայացրել Հայաստանի ու Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւնների կարգաւորման վերջին զարգացումները, տարածաշրջանում խաղաղութիւն ու կայունութիւն հաստատելուն ուղղուած հայկական կողմի ջանքերը եւ վերջին օրերին Լեռնային Ղարաբաղում Ատրպէյճանի կողմից լարուածութեան սրումը: ՀՀ ԱԳ նախարարն ընդգծել է, որ Ատրպէյճանը շարունակում է արգելափակուած պահել Լաչինի միջանցքը` կոպտօրէն խախտելով 2020թ. Նոյեմբերի 9-ի եռակողմ յայտարարութեամբ ստանձնած պարտաւորութիւնները:

Անդրադառնալով արաբական աշխարհի երկրների հետ Հայաստանի աւանդական բարեկամական յարաբերութիւններին` նախարար Միրզոյեանն անթոյլատրելի է համարել Ատրպէյճանի կողմից կրօնական գործօնի շահարկումներն ու անհիմն փորձերը, որոնք նպատակ են հետապնդում կրօնական երանգ հաղորդել բացառապէս քաղաքական ու մարդասիրական խնդիրներին եւ մոլորեցնել միջազգային հանրութեանը», կ’ըսուի Արտաքին Գործերու Նախարարութեան հաղորդագրութեան մէջ:

Երկուստեք ընդգծուած է տարածաշրջանի նկատմամբ միջազգային հանրութեան ուշադրութեան պահպանման եւ շահագրգիռ դերակատարներու կառուցողական ներգրաւածութեան կարեւորութիւնը:

Նախարար Միրզոյեան եգիպտացի գործընկերոջ ներկայացուցած է նաեւ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման ընթացքը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment