Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ ՀՀ ԱԳ Նախարարը Եւ Ազհարի Գերագոյն Իմամը Ընդգծած Են Ազգային Եւ Կրօնական Հողի Վրայ Անհանդուրժողականութեան Եւ Խտրականութեան Դրսեւորումներու Անթոյլատրելիութիւնը

ՀՀ ԱԳ Նախարարը Եւ Ազհարի Գերագոյն Իմամը Ընդգծած Են Ազգային Եւ Կրօնական Հողի Վրայ Անհանդուրժողականութեան Եւ Խտրականութեան Դրսեւորումներու Անթոյլատրելիութիւնը

by MassisPost

Մարտ 8-ին, Գահիրէի մէջ գտնուող ՀՀ արտաքին գործերու նախարար Արարատ Միրզոյեան հանդիպում ունեցած է Ազհարի Գերագոյն Իմամ, շէյխ Ահմատ Մոհամմատ Ալ Տայիպիի հետ:

Անդրադառնալով Եգիպտոսի` դարաւոր պատմութիւն ունեցող հայկական համայնքին` զրուցակիցները համաձայնած են, որ այն կարեւոր ներդրում ունեցած է Եգիպտոսի զարգացման մէջ: Գոհունակութիւն արտայայտուած է հայ եւ եգիպտացի ժողովուրդներուն միջեւ փոխադարձ յարգանքի եւ վստահութեան վրայ հիմնուած բարեկամութեան, ինչպէս նաեւ երկու երկիրներու միջեւ զարգացող համագործակցութեան առնչութեամբ, որուն լաւագոյն դրսեւորումն էր Փետրուարին Եգիպտոսի նախագահի առաջին այցը Հայաստան:

Երկուստեք կարեւորուած է կրօնական ու պատմամշակութային հարուստ ժառանգութեան ներկայացման ուղղութեամբ համատեղ նախաձեռնութիւններու կեանքի կոչումը:

ՀՀ արտաքին գործերու նախարարը եւ Ազհարի Գերագոյն Իմամը ընդգծած են ազգային եւ կրօնական հողի վրայ անհանդուրժողականութեան եւ խտրականութեան դրսեւորումներու անթոյլատրելիութիւնը, կարեւորած են ծայրահեղականութան եւ ատելութեան խօսքի դէմ պայքարին ուղղուած ջանքերը:

Անդրադառնալով Հարաւային Կովկասի մէջ ստեղծուած անվտանգային իրավիճակին եւ առկայ մարտահրաւէրներուն` նախարար Միրզոյեան անթոյլատրելի համարած է Ատրպէյճանի կողմէ կրօնական գործօնի շահարկումները, ինչպէս նաեւ Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդին ու արաբական աշխարհին միջեւ աւանդական ջերմ յարաբերութիւնները խաթարելու անհիմն փորձերը: Նախարարը անդրադարձած է Ատրպէյճանի կողմվ Լաչինի միջանցքի արգելափակման հետեւանքով Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ստեղծուած մարդասիրական ճգնաժամին եւ անոր հանգուցալուծման հրամայականին:

Նախարար Միրզոյեանը զրուցակցին ներկայացուցած է նաեւ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններւ կարգաւորման գործընթացի վերջին զարգացումները եւ տարածաշրջանին մէջ խաղաղութիւն հաստատելուն ուղղուած հայկական կողմին ջանքերը եւ Ատրպէյճանի` իրավիճակի ապակայունացման վտանգ պարունակող վերջին օրերու յայտարարութիւնները եւ գործողութիւնները:

Իր հերթին, Գերագոյն Իմամը վերահաստատած է Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղութեան հաստատման վերաբերեալ դիրքորոշումը` վկայակոչելով 2020 թուականի Հոկտեմբերէն ի վեր իր կողմէ կատարուած յայտարարութիւնները: Տարածաշրջանին մէջ ժողովուրդներուն միջեւ հանդուրժողականութեան կոչերու ծիրին մէջ Ահմատ Մոհամմատ Ալ Տայիպը յիշատակած է նաեւ Հայոց Ցեղասպանութեան օրերուն Գերագոյն Իմամ, շէյխ Սելիմի ուղերձը` փրկել հայերը ու չմասնակցիլ կոտորածներուն:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment