Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ ԵՄ-ն Մտահոգուած Է, Որ Լաչինի Միջանցքով Տեղաշարժման Ազատութեան Շարունակաւող Խաթարումը Կ’ազդէ ԼՂ-ի Մէջ Մարդու Առողջութեան, Կրթութեան Եւ Սնունդի Իրաւունքներուն Վրայ

ԵՄ-ն Մտահոգուած Է, Որ Լաչինի Միջանցքով Տեղաշարժման Ազատութեան Շարունակաւող Խաթարումը Կ’ազդէ ԼՂ-ի Մէջ Մարդու Առողջութեան, Կրթութեան Եւ Սնունդի Իրաւունքներուն Վրայ

by MassisPost

ԵՄ-ն նախկինին պէս մտահոգուած է, որ Լաչինի միջանցքով տեղաշարժման ազատութեան շարունակուող խաթարումը կ’ազդէ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ մարդու իրաւունքներու, այդ շարքին` առողջութեան, կրթութեան եւ սնունդի իրաւունքներուն վրայ:

ԵՄ-ն Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն եւ բոլոր պատասխանատուներուն կոչ կ’ընէ երաշխաւորելու միջանցքով տեղաշարժուելու ազատութիւնն ու­ անվտանգութիւնը` համաձայն 2020 թուականի Նոյեմբեր 9-ի եռակողմ յայտարարութեան, եւ ենթարկուելու Արդարադատութեան Միջազգային Դատարանի 2023 թուականի Փետրուար 22-ի որոշման:  ԵՄ-ն Ատրպէյճանին եւ Հայաստանին կոչ կ’ընէ շարունակելու ներգրաւուիլ երկխօսութեան մէջ, այդ շարքին ` երկիրներու ղեկավարներու մակարդակով:

Մենք անհամբեր կը սպասենք Եւրոպական Խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշէլի աջակցութեամբ խաղաղ գործընթացի շարունակման:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment