Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Վարչապետ Փաշինեան Հանդիպում Ունեցած Է Ֆրանք-Վալթեր Շթայնմայերի Հետ

Վարչապետ Փաշինեան Հանդիպում Ունեցած Է Ֆրանք-Վալթեր Շթայնմայերի Հետ

by MassisPost

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան տիկին Աննա Յակոբեանի հետ այցելած են Գերմանիոյ Դաշնային Հանրապետութեան նախագահի նստավայր, ուր հանդիպում ունեցած են ԳԴՀ նախագահ Ֆրանք-Վալթեր Շթայնմայերի եւ անոր տիկին Էլքէ Պիւտենպենտերին: Դիմաւորման արարողութենէն յետոյ վարչապետ Փաշինեանը եւ տիկին Յակոբեանը գրառում կատարած են պատուաւոր հիւրերու գիրքին մէջ, այնուհետեւ ՀՀ վարչապետը առանձնազրոյց ունեցած է Գերմանիոյ նախագահին, իսկ տիկին Յակոբեանը` Էլքէ Պիւտենպենտերի հետ:

Հայաստանի վարչապետին եւ Գերմանիոյ նախագահին հանդիպումը շարունակուած է նաեւ ընդլայնուած ձեւաչափով:

Նիկոլ Փաշինեանը եւ Ֆրանք-Վալթեր Շթայնմայերը քննարկած են հայ-գերմանական համագործակցութեան վերաբերող շարք մը հարցեր: Անդրադարձ կատարուած է քաղաքական եւ տնտեսական բնագաւառներուն մէջ փոխգործակցութեան զարգացման: Այդ ծիրին մէջ, կարեւորուած է երկու երկիրներու կառավարութիւններուն աշխոյժ փոխգործակցութիւնը:

Գերմանիոյ նախագահը պատրաստակամութիւն յայտնած է նպաստելու երկկողմ կապերու ամրապնդման եւ ընդգծած է Հայաստանի մէջ ժողովրդավարութեան զարգացման ուղղուած բարեփոխումներու կարեւորութիւնը:

Նիկոլ Փաշինեանը մանրամասնութիւններ փոխանցած է հաստատութենական բարեփոխումներու գործընթացին վերաբերեալ եւ նշած, որ ժողովրդավարութիւնը ՀՀ կառավարութեան համար ունի ռազմավարական նշանակութիւն:

Զրուցակիցները անդրադարձ կատարած են Հարաւային Կովկասի տարածաշրջանին մէջ տեղի ունեցող գործընթացներուն, Ատրպէյճանի կողմէ Լաչինի միջանցքի ապօրինի շրջափակման հետեւանքով Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ստեղծուած մարդասիրական ճգնաժամին եւ երկուստեք հետաքրքրութիւն ներկայացնող այլ հարցերու:

Տիկին Աննա Յակոբեանը եւ Էլքէ Պիւտենպենտերը կարեւորած են պետութիւններու ղեկավարներու տիկնանց աշխոյժ գործունէութիւնը տարբեր ուղղութիւններով:

Գերմանիոյ նախագահին տիկինը կարեւորած է երկկողմ կրթութեան ոլորտի զզարգացումն ու այդ ուղղութեամբ կեանքի կոչուող ծրագիրները` մանրամասնութիւններ ներկայացնելով Գերմանիոյ մէջ իրականացուող քայլերուն վերաբերեալ:

Վարչապետին տիկինը նշած է, որ «Իմ Քայլը» հիմնադրամը եւս ծրագիրներ կ’իրականացնէ երկկողմ կրթութեան ոլորտին մէջ:

Ընդգծուած է կանանց կարեւոր դերը խաղաղութեան հաստատման եւ ամրապնդման գործին մէջ: Այս ծիրին մէջ, տիկին Յակոբեանն Էլքէ Պիւտենպենտերը հրաւիրած է այս տարի Երեւանի մէջ կայանալիք «Կանանց դերը ժողովրդավարութեան, խաղաղութեան եւ անվտանգութեան խթանման գործին մէջ» թեմայով միջազգային գագաթաժողովին:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment